*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ուշադրութիւն կ’ընե՞ս սիրելի ընթերցող, որ ընտրական նոր օրէնքի կամ երեսփոխանական ընտրութիւններու մասին խօսքերը նահանջ կ’արձանագրեն վերջին շրջանին:
Ո՛չ կուսակցութիւնները եւ ո՛չ ալ Լիբանանի քաղաքական երկու կողմերու պարագլուխները, օրերս այս մասին խօսակցութիւն առաջ կը տանին:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս: Այս կը նշանակէ, որ յառաջիկայ օրերուն եւ հակառակ ձեւական պնդումներու, թէ ընտրութիւնները պէտք է կայանան, երեսփոխանական ժողովի կեանքի երկարաձգման օրակարգը աւելի եւս յառաջ պիտի քշուի, որուն համար հանրային կարծիքը կամաց կամաց կը պատրաստեն այդ ուղղութեամբ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, խորհրդարանի ինքնաերկարաձգումը երկրի բաժանուածութեամբ եւ ապահովական անբարենպաստ վիճակով կ’արդարացնէին, անկէ ետք միայն ապահովական անբարենպաստ վիճակով կ’արդարացնէին, իսկ հիմա ինչպէ՞ս պիտի արդարացնեն։
Կ’ապրինք կը տեսնենք:






