Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական Նիստը Օգոստոս 29-ին

Օգոստոս 29-ին, ժամը 16:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։

Երեւանի  դպրոցներուն մէջ սուրիահայ երեխաներու ընդելուզման գործընթացի մասին զեկուցումով հանդէս պիտի գայ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեան:

2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրներու մասին կը զեկուցէ «Օքսֆամ Հայաստան» ընկերութեան ներկայացուցիչը:

2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրները կը ներկայացնէ «Սէյվ տը Չիլտրըն» ընկերութեան ներկայացուցիչը:

2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրներու մասին կը զեկուցէ «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչը:

Պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին