Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Մկրտիչ Տարագճեանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը

Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 28-ի  երեկոյեան, Մոն Ռոյալ քաղաքապետարանի Ռեճինըլտ Տոուսըն հանրային գրադարանի արուեստի ցուցասրահին մէջ, ներկայութեամբ` Մոն Ռոյալ տարածաշրջանի գանատական խորհրդարանի  անդամ` Անթընի Հաոսֆատըրի:

Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք արուեստասէրներուն ընդհանուր գաղափար մը կու տան Տարագճեանի ստեղծագործական անցած ուղիի մասին:

Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի  իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու  հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը: Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին: Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է` Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ` արտակեդրոն միջավայրի մէջ, ուր տեղի կ’ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ’աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սկզբունքով, որուն  նախակարապետներէն են Օկիւստ Ռոտէնն ու Արշիլ Կորքին: Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուեստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմնի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն  կարելի է համարել Տարագճեանը եւս, որուն  «Քրոսինկ տը ուոլ» ստեղծագործութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ: Ան այն յանձնառու արուեստագէտներէն է, որոնց ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ: Այս պատճառով ալ անոր արուեստը առաւելագոյնս բացայայտելու համար կարիքը կը զգացուի համապատասխան վերլուծումներու եւ մեկնաբանութեան:

Ցուցահանդէսը փակուեցաւ 25 Օգոստոսին։

Մ. Ծ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին