Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրը Գործադրուեցաւ Կատարեալ Յաջողութեամբ

26 Օգոստոս 2016-ին, Քանոա Պիչ գեղատեսիլ  հանգստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրին, որ 18-րդ տարին ըլլալով արձակուրդի գեղեցիկ փորձառութիւն մը պարգեւեց մասնակիցներուն:

IMG_4550_r

Այս տարուան «Ովասիս»ը բացուեցաւ 5 Յուլիսին: Ամբողջ 8 շաբաթներ, 3-էն 13 տարեկան մանուկներ եւ պարման-պարմանուհիներ, ըստ տարիքային հետաքրքրութիւններու, հետեւեցան  դասարանային եւ արտադասարանային աշխատանքներու, որոնք ընդգրկեցին ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, ֆիլմի ցուցադրութիւն, զանազան մարզաձեւեր (ֆութպոլ, պասքէթպոլ, մարտարուեստ եւ հեծանիւ), աճպարարութիւն, տիկնիկային թատրոն, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, համակարգիչի ուսուցում, խոհանոցի գիտելիքներ եւ կրօնագիտութիւն: Առաւել խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցան շաբաթավերջի 7 պտոյտները դէպի լողաւազաններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր, անմոռանալի յուշեր դրոշմելով մասնակիցներու հոգիներուն մէջ: Ծրագրի գործադրութիւնը կատարեցին անձնակազմի 45 անդամներ՝ ուսուցիչներ, օգնականներ եւ վարչական պատասխանատուներ, գլխաւորութեամբ տիկին Գարոլին Թերզեանի:

IMG_4110_r

 

«Ովասիս»ի փակման հանդիսութիւնը հարազատ արտայայտութիւնը եղաւ իրագործուած ծրագրին եւ մասնակիցներու տրամադրութիւններուն: Ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ ներկայութեան, 2016-ի Ովասիսականները ներկայացուցին գեղարուեստական բազմագոյն յայտագիր մը՝ հայկական եւ միջազգային 9 պարեր, խմբերգներ, թատերական պատկերներ եւ մարզական ցուցադրութիւններ, վերապրելով այն ամբողջ ուրախութիւնը, զոր ունեցած էին ծրագրի ընթացքին,  նոյնով վարակելով ներկաները:

IMG_4761_r

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ տիկին Գարոլին Թերզեան գոհունակութիւն արտայայտեց այն մասին, որ «Ովասիս 2016»-ը կարողացաւ լիուլի իրագործել առաջադրուած ծրագիրը: Այսպիով 18 տարուան ընթացքին Ովասիսը ունեցաւ աւելի քան 3500 մասնակիցներ՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց համար ապահովելով ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր:

IMG_4281_r

Հանդիսութեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ իրագործուած յաջողութիւնը արդիւնք էր լուրջ, բծախնդիր եւ լաւապէս կազմակերպուած աշխատանքի, որուն համար ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց «Ովասիս»ի պատասխանատու կազմին եւ անոնց գործակիցներուն: Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ «Ովասիս»ը տարուէ տարի աւելի պիտի զարգանայ, հայաշունչ միջավայրի մէջ մանուկներու եւ պատանիներու ամառնային արձակուրդները անմոռանալի յիշողութեան վերածելու ի խնդիր:

IMG_4742_r

Տեղեկատուական գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին