Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Հէրթցէլ Հայերը «Ծախեց» Հրէական Պետութիւն Մը Ստեղծելու Համար. Haaretz

1890-ականներուն թուրքերու կողմէ իրականացուած հայերու զանգուածային սպաննութիւններու ժամանակէն սկսած՝ հայկական հարցը առկայ եղած է սիոնական շարժման մէջ,  նոյնիսկ մինչ առաջին Սիոնական  քոնկրէսի   կայացումը: Համաշխարհային սիոնականութեան  հիմնադիր Թէոտոր Հերթցէլի ռազմավարութիւնը կառուցուած էր փոխանակման գաղափարի շուրջ, այսինքն ՝ Պաղեստինի ճանաչման եւ հրէական պետութեան հաստատման համաձայնութեան դիմաց հրեաները պէտք է մարէին Օսմանեան կայսրութեան ահռելի պարտքը: Հերթցէլ անօգուտ ջանք կը թափէր Սուլթան Համիտ Բ-ին համոզելու ընդունիլ իր  առաջարկը։ Այս մասին Haaretz-ի մէջ գրած է Երուսաղէմի հրէական համալսարանի կրթութեան ու մշակոյթի պատմութեան   մասնագէտ  դոկտ. Ռէյչըլ Էլպոյմ-Տրորը:

«Սուլթանին փող առաջարկելու փոխարէն՝ անոր տուէք հայկական հարցի քաղաքական աջակցութիւն, եւ ան շնորհակալ կ’ըլլայ եւ կ’ընդունի ձեր առաջարկը՝ գոնէ մասամբ»,- Հերթցէլին  ըսած է,  անոր դիւանագիտական գործակալ Ֆիլիփ Մայքլ Նեւլինսկին (որ նաեւ եղած է սուլթանի խորհրդականը):

Եւրոպայի քրիստոնեայ երկիրները քննադատաբար կը մօտենային իսլամներու կողմէ հայ քրիստոնեաներու սպաննութիւններուն, եւ տարբեր վայրերու մէջ հայերուն օժանդակող կոմիտէներ կը ստեղծուէին, Եւրոպան հայ ապստամբութեան ղեկավարներուն ապաստան կ’առաջարկէր: Այս իրավիճակը շատ կը բարդացնէր Թուրքիոյ՝ Եւրոպական դրամատուներէն  վարկեր ստանալու գործը:

Հերթցէլ անմիջապէս կ’ընդունի խորհուրդը: Ան կը զգար, որ պէտք էր  ամէն ճիգ   իրականացնել   հրէական պետութեան հաստատումը   արագցընելու համար: Այդպիսով ան կը համաձայնի գործիք դառնալ սուլթանին  համար եւ հայ ապստամբ առաջնորդներուն կը փորձէ համոզել, որ եթէ անոնք յանձնուին, ապա սուլթանը կը կատարէ անոնց որոշ պահանջները: Հերթցէլ նաեւ կ’աշխատէր Արեւմուտքին ցուց տալ, որ Թուրքիան փաստօրէն աւելի մարդկային է, քան կը կարծուի, եւ ան հայ ապստամբներուն հետ այսպէս վարուելէ բացի այլ ելք չունէր:  Հրեայ առաջնորդը մեծ ջանքերու շնորհիւ 1901 թուականի 17 մայիսին նաեւ հանդիպում  կ’ունենար  սուլթանին հետ։

Սուլթանը յոյս ունէր, որ յայտնի լրագրող Հէրթցէլ  կը կարողանայ  փոխել Օսմանեան կայսրութեան բացասական  դէմքը: Եւ այսպէս՝ սուլթանի ցանկութիւնը ի կատար ածելու համար Հէրթցէլ կեդրոնացած կերպով գործի կ’անցնի ՝ հանդիսանալով խաղաղութեան միջնորդ: Ան կապեր  կը հաստատէ եւ գաղտնի հանդիպումներ  կ’ունենայ հայ ապստամբներու հետ՝ փորձելով  զանոնք  համոզել դադարեցնել  զինուորական գրոհները: Սակայն հայերը համոզուած չէին անոր անկեղծութեան, եւ չէին վստահիր սուլթանի խոստումներուն: Այս նպատակով Հերթցէլ նաեւ եռանդուն փորձեր կը ձեռնարկէ իրեն ծանօթ՝ Եւրոպական  դիւանագիտական կապերով հասնիլ իր ուզածին:

Ինչպէս բնորոշ էր իրեն՝ ան այլ սիոնական  առաջնորդներու հետ չէր խորհրդակցէր եւ իր գործունէութիւնը գաղտնի կը պահէր: Բայց օգնութեան կարիք ունենալով՝ ան  աւելի ուշ ստիպուած  կ’ըլլայ գրել  Մաքս Նորտաուին՝ անոր այդ գործին  մէջ ներգրաւելու նպատակով: Նորտաու կը պատասխանէ մէկ բառէ կազմուած հեռագրով. «Ո՛չ»: Թուրքերէն Պաղեստինի հրովարտակը ստանալու իր ջանքերուն յաջորդող ամենամեայ սիոնական  քոնկրէսի ժամանակ, հակառակ ներկայացուցիչներու ընդդիմութեան, Հէրթցէլ հրապարակայնօրէն կը յայտարարէ, որ սիոնական  շարժումը իր հիացմունքն ու շնորհակալութիւնը կը  յայտնէ սուլթանին:

Այդ հարցին մէջ Հերթցէլի  գլխաւոր հակառակորդը Պեռնարտ Լազարէն էր՝ ֆրանսացի հրեայ մտաւորական, ձախակողմեան, յայտնի լրագրող եւ գրաքննադատ, որ ակնառու կերպով պայքարած էր Տրէյֆուսներու դատին  դէմ եւ «հայկական  հարց»ին  աջակից էր: Զինք  կը  բարկացնէր Հերթցէլի  գործունէութիւնը, եւ որպէս արդիւնք այդ լարուածութեան ան 1899 թուականին դուրս   կու գար սիոնական  կոմիտէէն եւ ընդհանրապէս  կը լքէր  շարժումը: Լազարէ  բաց նամակ կը գրէր Հերթցէլին, ուր հարց կու տար անոր, թէ ինչպէս անոնք, որպէս հին ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, որոնց  պատմութիւնը գրուած է արեամբ՝ կրնան բարեկամական ձեռք մեկնել մարդասպաններուն, եւ ինչպէս սիոնական  քոնկրէսի ոչ մէկ պատգամաւոր իր բողոքը կը բարձրացնէ:

Այս բոլորը,  պարզապէս օրինակ են ,  այն մասին, թէ ինչպէս հրեայ  մեծ  առաջնորդը համամարդկային արժէքները ստորադասելով  յանուն հրէական պետութեան  կը ծառայէր թուրք հեղինակութիւններուն: Իսրայէլը անընդհատ հանդիպած  է այսպիսի ողբերգական տիլեմաներու եւ  որուն  վկայութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան   փաստի   մերժումը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ որոշումներ, որոնք կ’արտացոլեն համամարդկային արժէքներու եւ քաղաքական նկատառումներու միջեւ  իրական հակասութիւն  եւ լարուածութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին