Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Իմ Շուներս

 *ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Զիս ճանչցողներ հաւանաբար ըսեն- ուրկէ ո՜ւր, երբ եզակին չունի, յոգնակին ի՞նչպէս կրնայ ունենալ… շունե՜ր:

Շունը ընդունուած է իբրեւ հաւատարիմ:

Մարդ արարածին ազատ մէկ կարեւոր բանն է ունենալ հաւատարիմներ, ընկեր, ծառայ, վերջապէս իրեն ենթակայ, ուր ինք գերազանց զգայ- գոհունակութիւն մը:

Եթէ առաջնորդ է, երկիրի մը, կուսակցութեան մը կամ այլ, հաւատարմութիւնը անհրաժեշտութիւն եւ ապահովութիւն է:

Շուն պահողի մը ըսի, «ի՞նչ է պատճառը շուն պահելուդ», -ըսաւ «Եթէ գրկես, կը հասկնաս»:

Անձնապէս այնքա՜ն գրկած եմ կրտսեր աղջկանս, այլեւս զինք կը կոչէին իմ «Պրոշս»: Սակայն շունն ալ կենդանութիւն է եւ ունի սիրտի զարկեր: Ի միջի այլոց ցաւ մը ունիմ, ըսեմ.- Այնքա՜ն կը ցաւիմ երբ ծայր աստիճան պաճուճուած տիկին մը, անգլերէնով գուցէ աւելի հաճելի թուի իրենց- լէյտի մը, որ նորագոյն ինքնաշարժէ կ’իջնէ յաղթական քայլերով, մինչ ետեւի դռնէն օգնականը՝ մանուկ մը գրկած կ’ընկերանայ «մատամ»ին…։

Եւ դեռ խօսիլ մայրական զգացումներու մասին այս ցուցամոլ երկիրին մէջ, երբ այդ մէկը արուեստի գագաթնակէտին հասած է:

Գալով իմ «ՇՈՒՆԵՐՈՒՍ»՝ անոնք գիրքերս են… հաւատարիմներս, որոնք կը մնան ինչպէս որ են, որոնք կու գան դարերու խորքէն, ու տակաւին նո՜ր են ու թարմ եւ օգտակար:

Ազգային, միջազգային, կրօնական ու ընկերային, փիլիսոփայական, վերջապէս փոքրիկ աշխարհ մը՝ հաւաքուած ի մի, եւ բացուելու պատրաստ, եթէ օրերդ արտօնեն ու ժամանակ կարենաս տրամադրել:

Կենդանի շունչ չունին, բայց կենդանութիւն կու տան, չունին լուսաւոր աչքեր, բայց կը լուսաւորեն վերջապէս գիտութիւնը մայրն է արեւագալին, որմով օրը կը սկսի ու կերկարի մինչեւ յաջորդ արեւագալ…:

«Գիրքերու աշխարհը Տիեզերք է անեզր»: (Եղիշէ Չարենց)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին