Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հաճելի Էր Դիտել Լիբանանի Վերաբերող Նման Ուրախ Պատկեր Մը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Քանի մը  oր առաջ Երեւանէն Պէյրութ վերադարձիս, թռիչքին հաճելի անակնկալն էր  «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տակաւին նոր լոյս ընծայած՝ ապահովական ցուցմունքներու տեսաերիզը:

Միշտ ալ հետաքրքրութեամբ դիտած եմ նմանօրինակ տեսաերիզներ, սակայն «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեանը եզակի էր թէ՛ հոգեբանական, թէ՛ ծանուցողական եւ թէ՛ մանաւանդ նորարարութեան իմաստով:

Հոգեբանական՝ որովհետեւ ապահովական ցուցմունքները հոն տրուած են օդանաւէ դուրս եւ շատ հաճելի ներկայացումով մը, որ կը թեթեւցնէ կարգ մը ճամբորդներու օդանաւային թռիչքի հետ կապուած վախը:

Ծանուցումային՝ որովհետեւ տեսաերիզին մէջ կը ցուցադրուին Լիբանանի զբօսաշրջիկութեան յարմար տեսարժան լաւագոյն վայրերը:

Նորարարութեան՝ որովհետեւ պետական հաստատութեան մը մակարդակով (ի վերջոյ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը ազգային հաստատութիւն մըն է), հաճելի էր տեսնել արդիական մօտեցումով եւ յղացումով արտադրութիւն մը, համեմատած ազգային միւս հաստատութիւններու ցաւալի իրավիճակին…:

Եւ վերջապէս հաճելի էր դիտել Լիբանանի վերաբերող նման ուրախ պատկեր մը ու զմայլիլ անով, դեռ մեր ոտքերը տխուր իրականութեամբ լի Լիբանանի հողին վրայ չդրած, ուր մեզի դիմաւորեցին օդի ապականումն ու ճամբու աղբերուն տեսարանը:

Բարի եկանք Լիբանան…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին