Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Շուէտի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Առաջին Խաչքարին

Շուէտի Սէօտերթելյէ քաղաքի Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ 21 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի հանդիսաւոր բացումը եւ օծումը՝ ձեռամբ Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի:

Ըստ News.am-ի՝ արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտօնեան, Սէօտերթելյէի քաղաքապետ Պօէլ Կոտներ, Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տիրան վրդ. Պետրոսեան: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Շուէտի պետական մարմիններու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի անդամներ:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Ապիտօնեան նշեց, որ Շուէտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին խաչքարը ոչ միայն կրօնական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, այլ կը խորհրդանշէ Շուէտի հայ համայնքի նուիրուածութիւնը ազգային ինքնութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի վճռականութիւնը՝ շարունակելու պայքարը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին