Հայաստանը ունի շատ հարուստ ու երկնային մշակութային ժառանգութիւն. ատիկա ոչ միայն մշակութային գլուխգործոցներն են, այլեւ` մարդոց կենսակերպը, բանաւոր պատմուածքները, պարը, կենցաղն ու սնունդը:
Հայաստանը ունի հարուստ մշակոյթ, «Ամերիկայի Ձայն»-ին պատմած է Մոլլի Ֆաննոն` աշխարհահռչակ «Smithsonian» ամերիկեան հաստատութեան միջազգային կապերու բաժինի ղեկավարը.
«Հայաստանի պարագային ատոնք ոչ միայն մշակութային գլուխգործոցներն են, այլեւ` մարդոց կենսակերպը, բանաւոր պատմուածքները, պարը, կենցաղն ու սնունդը»:
Ըլլալով համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանման յառաջատարը, «Smithsonian»-ը Հայաստանի հին ու հարուստ մշակոյթը ուշադրութեամբ կ’ուսումնասիրէ ու կը փորձէ պահպանել եւ աշխարհին փոխանցել: Այդ նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ «Smithsonian» հաստատութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ, նախաձեռնած է «Իմ Հայաստանը» նախագիծը.
«Իմ Հայաստանը» նախագիծին հիմք պիտի ծառայէ մշակութային ժառանգութեան հիմնարար տարրը` պատմուածքները: Մենք կը պատմենք հայկական ուտեստներու, կենցաղի, արուեստի, կրօնի մասին պատմուածքները ողջ աշխարհին»:
Համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ «Smithsonian»-ի կողմէ այս ամառ ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած մշակութային փառատօնին՝ երգերով հանդէս եկած էին հայկական երկու խումբեր` «Թմբաթա»-ն Երեւանէն եւ «Armenian Public Radio»-ն Քալիֆորնիայէն: Բայց ատիկա դեռ ամէնը չէ, «Smithsonian»-ը կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու մէջ 2018 թուականի մշակութային փառատօնը ամբողջութեամբ նուիրել Հայաստանին:
«Մենք Հայաստանի մշակոյթը պիտի ներկայացնենք մշակութային փառատօններուն, Հայաստանին նուիրուած ցուցահանդէսներ կազմակերպելու մեր թանգարաններուն մէջ այստեղ եւ աշխարհով մէկ, կը նախատեսենք նոյնիսկ այդ ցուցահանդէսներուն ընթացքին՝ Հայաստանէն հրաւիրուած մասնագէտներու շնորհիւ՝ թանգարաններուն մէջ ստեղծել իսկական հայկական մշակութային մթնոլորտ»,– ըսած է Մոլլի Ֆաննոն:
Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի հայ երիտասարդները մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործընթացին մէջ ներգրաւման:
«Հայ երիտասարդութեան ներգրաւումը այս գործընթացին մէջ կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ նպատակներէն մէկը հայ առաջնորդներու յաջորդ սերունդի զարգացումն է»,- ըսած է «Smithsonian»-ի ներկայացուցիչը:
Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, այդ գործին մէջ հաստատութեան հիմնական գործընկերն է Երեւանի մէջ գործող Ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու ԹՈՒՄՕ կեդրոնը, որուն յաջողութիւնները ուղղակի հիացուցած էին Ուաշինկթընի մէջ բոլոր գործընկերները.
«ԹՈՒՄՕ-ն կրնայ օրինակ ծառայել ամբողջ աշխարհի մէջ դպրոցականներու մշակութային զարգացման կազմակերպման համար: Մենք կը սորվինք ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն եւ այդ փորձը կը կիրառենք այստեղ»:
«Smithsonian» հաստատութեան գործունէութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ ցոյց տալ, որ մշակոյթը ոչ միայն արժէք է ինքնին, այլեւ կրայ տնտեսական օգուտ բերել երկրին եւ տեղական համայնքներուն.
«Մենք կ՝ուզենք զարգացնել Հայաստանի մշակութային ոլորտը` կապելով զայն զբօսաշրջութեան` նոր աշխատատեղեր ստեղծելով մշակութային զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ»:
Եթէ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութիւնը հասանելի է արտերկրեայ զբօսաշրջիկներուն, ուրեմն Հայաստանի միւս շրջաններուն մէջ գտնուող արուեստի ու մշակոյթի գլուխգործոցներուն զբօսաշրջիկները յաճախ կամ անծանօթ կը մնան, կամ ալ` կ՝այցելեն անոնց քանի մը ժամով: Իբրեւ արդիւնք` տեղի բնակչութիւնը որեւէ օգուտ չի ստանար զբօսաշրջիկներու բազմութենէն:
«Մեր նպատակն է ոչ թէ Երեւան այցելող զբօսաշրջիկներուն հոսքը շրջաններ տեղափոխել, այլ Հայաստան նոր զբօսաշրջիկներ բերել, որոնք հիմնական ժամանակը պիտի անցնեն ոչ թէ Երեւանի մէջ այլ` մայրաքաղաքէն դուրս` ծանօթանալով հայկական ժողովրդական մշակութային ժառանգութեան»,- պատմած է Ֆաննոն:
Նախագիծին ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ 3D ֆորմաթով թուայնացնել հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան գլուխգործոցները: Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, ատիկա աւելի պիտի հետաքրքրէ հաւանական զբօսաշրջիկները Հայաստան այցելելու: