*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Հազիւ քանի մը օր անցէր էր դպրոցի բացումէն, արդէն տղոց խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մին՝ մարզական շարժումներն էին։
Լիբանանէն «Պաթա» մակնիշով «սպատրին» բերած էի։ Այդ օրերուն «Պաթա» մակնիշով մարզական կօշիկները լաւագոյններէն կը համարուէին, գէթ մեզի համար։ Հաստատութեան գլխաւոր մարզիչն էր Պրն. Տիգրան Միսիրեանը, որ իրողութեան մէջ ֆութպոլի, վոլէի, պասքէթի եւ աթլէթի միակ մարզիչն էր, իրեն մասնակի օգնական ունենալով այդ օրերուն (1961) Հայկազ Երզնկացեանը, մութ մորթով, Եթովպիացի, նախկին Մելգոնեանցի մը։

Մելգոնեանի վոլէպոլի գլխաւոր դաշտը ջրամբարին տակն էր (1961)։ Լաւ էր, հոն երթալու համար աղջկանց շէնքին առջեւէն պէտք էր անցնէինք։ Պէտք էր միշտ քանի մը հոգիով երթայինք հոն, բարձրաձայն խօսելով որպէսզի աղջիկները պատուհաններէն մեզի նայէին եւ…։
Ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի դաշտերը Հաստատութեան հարաւ – արեւելեան կողմն էին։ Ֆութպոլինը դաշտ էր թէ քարահանք, այդպէս ալ չհասկցանք։ Տարին պաշտօնապէս «միայն» երեք անգամ (Սեպտեմբերին, Կաղանդի եւ Զատկուայ արձակուրդներուն), առաջին երեք դասարաններու տղաքը դաշտի լայնքին քով քովի կը շարուէինք եւ մէկ ծայրէն միւսը խճաքարերը կը հաւաքէինք։ Բլրակներ կը կազմուէին եւ չորրորդ դասարանի տղաքը (ճարպիկները), կառքերով այդ խճաքարերը դաշտէն դուրս կը տանէին։ Նաեւ, երբ «Ինկլիշ Սքուլ»ի ֆութպոլի խումբը պիտի գար մեր դէմ մրցելու, պէտք էր դաշտը մաքրէինք։ Ասոնցմէ զատ մարզահանդէսի նախօրեակին, չափական մարզանքներու փորձերու ժամանակ, ամէն աշակերտ իր «տարածքը» կը մաքրէր, որպէսզի երբ ծունկի կամ պառկած մարզանքներ ընէինք, մարմիննիս չծակծկուէր։ Տակաւին մարզահանդէսէն առաջ բարձրացատկի տեղէն աւազ կը բերէինք մեր տեղերը «փափկացնելու»։ Պրն. Տիգրան Միսիրեանը լաւ գիտէր այդ, բայց չտեսնելու կու տար, եւ մարզահանդէսէն մէկ կամ երկու օրեր առաջ, պէտք եղածէն շատ աւելի աւազ բերել կու տար ցատկատեղիին համար։

Բացի ֆութպոլի դաշտի մէջի խճաքարերէն, վազքի տարածքին ալ հսկայական ժայռեր կային, եւ յաճախ երբ տղոց վազքի կօշիկներու գամերը զօրաւոր քսուէին այդ ժայռերուն, կայծեր կը թռչէին։
Գրեթէ ամէն օր, եթէ օդը նպաստաւոր ըլլար, ժամը 4։00 -5։00, տղոց մեծ մասը դաշտերը կ՚ըլլային իրենց նախասիրած մարզախաղերու փորձերը ընելու։ Առաջին անգամ երբ ես դաշտ իջայ փորձ ընելու, Հայկազ Երզնկացեանը քանի մը նորեկ տղաք քով-քովի շարելով՝ 400 մեթր վազել տուաւ, այդ տղոց կարողութիւնները չափելու։ Ես փոխանակ վազքի համար գծուած գիծերուն մէջէն վազելու, «կտրուկ ճամբայէն»՝ ֆութպոլի դարպասի անմիջական ետեւէն վազեցի։ Երբ վերջացուցի վազքս Երզնկացեանը հարցուց, որ ինչու՞ գիծերուն մէջէն չվազեցի։ «Կարճ, կտրուկ ճամբէն վազեցի որպէսզի շուտ հասնիմ», եղաւ պատասխանս։ Ներկայ տղոցմէ ոմանք խնդալէն գետին ինկան…
Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ կէսօրէ ետքերը ֆութպոլի դասարանային մրցումները տեղի կ՚ունենային։ Բնականաբար մրցող դասարաններու աղջիկներն ալ դաշտ կու գային «խաղը դիտելու եւ իրենց դասընկերները քաջալերելու»։ «Մարդ» ունեցող աղջիկներն ալ հոն կ՚ըլլային իրենց տղոց հետ գաղտագողի քանի մը բառեր փոխանակելու։ Հիմա, 2016 թուականի պատանիները չեն հասկնար այդ պահերու քաղցր քնքշութիւնը։ Այսօր ամէն բան «գործնական» է, քիչ մը ամէն տեղ։ Այդ գաղտագողի նայուածքները, քանի մը բառերու փոխանակումները եւ, բախտաւորներու պարագային, ձեռքի հպում մը՝ աշխարհ կ՚արժէր։

1964ին էր կարծեմ, աղջկանց շէնքին ետեւի միջոցը եւ Բարերարի Վիլլային հարաւային մասը շտկելով, պասքէթի եւ վոլէի դաշտերը հոն փոխադրուեցան։
Կիրակի առտուները, պաշտամունքէն ետք վոլէպոլի եւ պասքէթպոլի դասարանային մրցումները տեղի կ՚ունենային։ Աշակերտութեան մեծ մասը դաշտերը կ՚ըլլային, քանի որ ընդհանրապէս չորս վոլէպոլի եւ չորս պասքէթպոլի մրցումներ տեղի կ՚ունենային (աղջկանց եւ մանչերու)։ Խոնարհագոյն դասարաններու մրցումներուն իրաւարարները բարձրագոյն դասարաններու «մարզիկ»ները կ՚ըլլային, իսկ բարձրագոյն երկու դասարաններու պարագային՝ Պրն. Միսիրեանը։ Այս մրցումները դարձեալ լաւ առիթներ էին, որ «զոյգ»երը իրարու քով, կամ նուազագոյն պարագային դէմ դիմաց կանգնէին (դաշտին հակառակ կողմերը) եւ նայուածքներով ու անուշ ժպիտներով «ճիլվէլէնմիշ» ըլլային…։ Կը պատահէր անշուշտ, որ եթէ աղջկանց կողմի հերթապահուհին հոն չըլլար, կամացուկ մը իրարու քով կու գային ու իրենց անմար սէրը կը խոստովանէին իրարու եւ անշուշտ «ինչու՞ նամակիս պատասխանը կ՚ուշացնես»…։ Բնականաբար այս մրցումներու ժամանակ դասարանի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը հոն պէտք էր ըլլար դասարանի խումբը քաջալերելու։ Մեծ մրցակցութիւն կար նախ դասարանի խումբէն խաղալու, եւ ապա անշուշտ յաղթելու։ Յաջորդ օրը ի՞նչ պատասխան պիտի տայինք մեր դասարանի քոյրիկներուն։

Վարի նկարը՝ Անգլիական դպրոցին յաղթելէ ետք: Տարեկան դաշտային մրցումը՝ Մելգոնեանի, Ամերիկեան ակադեմիայի եւ Անգլիական դպրոցի միջեւ: Յաղթողը իհարկէ Մելգոնեանն է:
Պէքտ է ըսել, որ Մելգոնեանցիները դասարանային այս մրցումները շատ լուրջի առած էին։ Դասարանին պատիւը պէտք էր բարձր պահուէր։ Ֆութպոլի խաղերուն «կօլ» առնող տղաքը օրուան հերոսներն էին։ Միւս խաղերուն կէտ նշանակող տղաքը վերէն կը նայէին միւսներուն վրայ։ Հոս հասնելու համար անշուշտ պէտք էր փորձեր ընէինք, եւ ուրեմն շաբաթը քանի մը անգամ դաշտ կ՚երթայինք փորձ ընելու եւ պատրաստուելու։ Յաճախ կը պատահէր, որ վերի կարգի տղաքը վարի դասարաններու տղոց կը մարզէին եւ առ այդ ալ մասնաւոր յարգանք կը վայելէին փոքրերէն։ Այս պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչու՛ Մելգոնեանի մարզական խումբերը շատ լաւ մարզուած կ՚ըլլային։
Աթլէթի մրցումներն ալ անշուշտ նոյնքան մը կարեւոր էին մեզի համար։ Երբ ֆութպոլի, վոլէպոլի եւ պասքէթպոլի մրցաշարքերը աւարտէին, կը սկսէինք աթլէթի փորձերուն։ Իմ շրջանիս (1961 – 1966 աշակերտական եւ ապա 1971 – 1980, ուսուցչական տարիներուս), աթլէթի ծրագիրը կը բաղկանար 100, 200, 400, 800, 1500, 1650 մեթր վազքերէ, 4 x 100, 100 + 200 + 400 + 800 + 1500 մեթր դրօշարշաւներէ եւ 110 մեթր արգելարշաւէ, ինչպէս նաեւ մէկ քայլ, երեք քայլ եւ բարձրութիւն ցատկելներէ, գունտ, սկաւառակ եւ նիզակ արձակելէ։ Հոս ալ մարզիչ Պրն. Տիգրան Միսիրեանի հսկողութեան տակ, «վերի կարգերու» տղաքը «վարի կարգերու» տղոց կը մարզէին։ Պրն. Միսիրեանը կը զբաղէր մասնաւորաբար դպրոցի լաւագոյն մարզիկները լաւագոյնս մարզելու եւ դպրոցի խումբը պատրաստելու արտաքին, միջ-դպրոցական մրցումներուն։ Պէտք է ըսել, որ աղջիկներն ալ փորձի կու գային, քանի որ նոյն մարզաձեւերը կը վերաբերէին նաեւ աղջիկներուն։ Հիմա հասկցա՞ք, թէ ինչու՛ Մելգոնեանի մարզադաշտը, հակառակ իր քարքարոտ վիճակին, միշտ լեցուն կ՚ըլլար փորձ ընող տղոցմով։
Դասարանային մարզանքի պահերուն (շաբաթը երկու անգամ), մինչեւ Յունուար Պրն. Միսիրեանին հետ զանազան խաղերու փորձերն ու մարզումները կ՚ընէինք։ Յունուարէն ետք կը սկսէինք մարզահանդէսի փորձերուն։ Տողանցքի, Շուէտական եւ չափական մարզանքներու, գլանիկներով, օղակներով, երաժշտութեամբ, կենդանի պատկերներու եւ այլ տեսակի մարզանքաձեւեր մաս կը կազմէին մեր մարզապահերու դասերուն։ Ամենադժուարները ծունկի եկած մարզանքաձեւերն էին, քանի որ դաշտը (կամ քարահանքը) լեցուն էր խճաքարերով։ Պէտք էր մաքրէինք մեր տեղերը եւ ցատկատարածքէն աւազ բերէինք, որպէսզի կարենայինք նուզագոյն ցաւով շարունակել մեր փորձերը։ «Զոյգ» ունեցող տղաքը կը մաքրէին նաեւ իրենց «մարդ»երուն տարածքները, քիչ մը աւելի խնամքով (1989 – 1990 կրթաշրջանին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը օժտուեցաւ ֆոթպոլի նոր եւ մարզանքի արդիական համալիրով – գոց մարզասրահով)։
Մարզահանդէսի թուականէն երկու շաբաթներ առաջ, ամէն առտու ժամը 5։00-ին փորձի պէտք է իջնէինք։ Վայ անոր, որ կը համարձակէր բացակայիլ, կարեւոր չէր թէ ո՞վ էր, առաջնակարգ մարզիկ թէ պարզ աշակերտ։ Անգամ մը Մանուկ Եըլտըզ անունով պոլսեցի աշակերտ մը, որ շատ լաւ ֆութպոլ կը խաղար եւ դասերուն մէջ ալ շատ լաւ էր, բացակայած էր եւ ճեմիշ (զուգարան) գացած։ «Վարպետ Տիգ»ը տեսաւ, որ Մանուկին տեղը պարապ էր։ «Ու՞ր է Եըլտըզը» պոռաց։ Մէկը ըսաւ, որ անհանգիստ է, ճեմիշն է։ «Ես անոր ճեմիշ երթալը կը հասկցնեմ ի՞նչ ըսել է»,- ըսաւ «Վարպետը» եւ «մարդ տեղէն չշարժի» ըսելով գնաց եւ խեղճ Մանուկին ականջէն բռնած դաշտ բերաւ։ Անկէ ետք կը համարձակէի՞նք փորձերէն բացակայիլ։
Մարզահանդէսներուն բոլոր աշակերտները պարտաւոր էին մասնակցիլ։ Առջեւէն կը տողանցէր Կիպրոսի դրօշակակիրը, որուն կը հետեւէր Մելգոնեանի դրօշակակիրը։ Անոր ետեւէն կու գային Խորհրդային Հայաստանի կարմիր-կապոյտ-կարմիր դրօշակները- քով քովի, երեք կարմիր, ետեւը երեք կապոյտ եւ ապա երեք կարմիր դրօշակներ։ Դրօշակներուն կը հետեւէին ֆութպոլի, պասքէթի, վոլէի եւ աթլէթի խումբերը, խումբ առ խումբ, սկաուտական եւ արենուշական խումբերը ու ապա մնացած աշակերտութիւնը, տղաքը մէկ մեծ խումբ, աղջիկները զատ խումբ։ Մարզահանդէսը կը սկսէր ժամը ճիշտ 3։00ին։ Նոյն ատեն կը սկսէր նաեւ Նիկոսիոյ յետմիջօրէի հովը։ Փոշին շատ կը խանգարէր, բայց ճար չունէինք։ Տողանցքէն ետք տեղի կ՚ունենային աթլէթի աւարտական մրցումները եւ ապա մարզահանդէսի չափական, Շուէտական մարզանքները, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Ինչպէս ըսած էի, երբեմն տեղի կ՚ունենային նաեւ գլանիկներով եւ օղակներով շատ գեղեցիկ մարզանքներ ու բուրգերու ցուցադրութիւն։
Մարզահանդէսի աւարտին բնականաբար տեղի կ՚ունենար մետալներու եւ բաժակներու տուչութիւնը, եւ մանաւանդ Ընդհանուր Առաջնութեան Վահանին յանձնումը՝ ախոյեան դասարանին կամ խումբին։ Մետալակիր աշակերտները դասարանով կը նկարուէին, իսկ առաջնութիւն շահող խումբը, «Արարատ» կամ «Արագած», վահանով, բաժակներով, մետալներով եւ… աղջիկներով, անպայման պէտք էր նկարուէին։
Երեկոյեան տեղի կ՚ունենար աւանդական Զուարթ Երեկոն, որուն տղաքը կու գային իրենց շահած մետալները վիզերնէն կախած։ Ոմանք մասնաւոր կը կաղային աղջիկներուն ուշադրութիւնն ու գութ-համակրանքը շահելու։ Օրուայ լաւագոյն մարզիկը, Առաջնութեան Վահանը գրկած սրահ կը մտնէր ծափահարութիւններու տարափին տակ։
Բացի դասարանային մրցումներէ, Զատկուայ շրջանին Մելգոնեանի աշակերտութիւնը երկու խումբերու կը բաժնուէր, «Շիրակ» – «Սեւան» կամ «Արարատ» – «Արագած» եւ վերը յիշուած մարզաձեւերու մրցումներ տեղի կ՚ունենային։ Ըսեմ, որ այդ շաբաթներուն եթէ ոչ թշնամութիւն, գէթ հակադիր խումբերու աշակերտները յաճախ իրարու հետ չէին խօսեր։ Բարեկամութիւնները կը «սառեցուէին», «դաւեր» կը լարուէին, ամէն իրիկուն «հաշիւներ» կ՚ըլլային կողմին յաղթանակը ապահովելու։ Ներքին կարգադրութիւններ կ՚ըլլային լաւ մարզիկներուն յաւելեալ սնունդ ապահովելու…, կը յանձնարարուէր, որ «պարապ տեղը ուժերնիս չվատնենք…»: Իւրաքանչիւր մարզաձեւ իր նիշը ունէր, եւ ուրեմն միշտ պէտք էր առաւելագոյն մարզիկներով մասնակցիլ, մանաւանդ աթլէթի մրցումներուն, որպէսզի «կէտ» շահէինք։ Մինչեւ անգամ դիմացի խումբը բարոյազրկելու համար պատրաստութիւններ կը տեսնէինք։ Օրինակ Համբիկ Մարուգեանը (այժմ Յունաստան՝ Սելանիկի Համալսարանի Աշխարհագրութեան բաժինի Վարիչ-փրոֆէսոր), հաստատութեան դարպասապահն էր, բայց շուտ կը ջղայնանար։ Տղաքը այս գիտէին։ Որեմն ֆութպոլի մրցումին ժամանակ քանի մը հոգիով իր դարպասին ետեւը կ՚երթային եւ կը փորձէին զինք ջղայնացնել։ Իր խմբակիցներն ալ քովը կ՚երթային զինք քաջալերելու եւ միւս խումբի տղաքը վռնտելու։ Կը պատահէր, որ «հրմշտուք» ալ կը ստեղծուէր եւ դաստիարակ ուսուցիչները կը միջամտէին։
Իմ աւարտական տարիս, «Արարատ» խումբին մէջ երրորդ նիզակ նետողի մը պէտք ունէինք, որպէսզի մէկ կէտ շահէինք։ Այդ պարտականութիւնը ինծի վստահուեցաւ։ Մրցումին օրը դաշտ իջայ գոնէ փորձ մը ընելու։ Օր. Հերմինէ Քէշիշեանը զիս որ տեսաւ նիզակով՝ «դուն երբուընէ՞ նիզակ նետող եղեր ես»,- հարցուց։ Ըսի որ կէս ժամ առաջ ինծի վստահուեցաւ այս գործը։ Այդ օր ես շատ լաւ նիզակ արձակեցի եւ վեց մրցակիցներուն մէջ… վեցերորդ տեղը գրաւելով իմ խումբիս այդ մէկ կէտը ապահովեցի։
Մրցումներու աւարտին տեղի կ՚ունենար աւանդական «Զուարթ Երեկոյ»ն, որուն վերջաւորութեան ամէն բան մոռցուած կ՚ըլլար եւ Մելգոնեանի կեանքը կը մտնէր իր բնականոն հունին մէջ։ Բարեկամութիւնները կը վերահաստատուէին, կարծէք բան չէր պատահած։
Արտադպրոցական Մրցումներ
Որպէս երկրորդական վարժարան, բնականաբար Մելգոնեանը մարզական զանազան մակարդակներու եւ մարզաձեւերու մրցումներ պիտի ունենար ուրիշ վարժարաններու դէմ։
Ամենասպասուածը Մելգոնեան-Ինկլիշ Սքուլ-Ամերիքըն Աքատէմիի մրցումներն էին։ Այս երեք վարժարաններու միջեւ տեղի ունեցած աթլէթի մրցումները շատ կարեւոր էին մեզի համար։ Մրցումները տեղի կ՚ունենային Ինկլիշ Սքուլի արդիական լաւագոյն յարմարութիւններով օժտուած մարզադաշտին վրայ։ 1960-ական թուականներուն այդ մարզադաշտը հաւանաբար Կիպրոսի լաւագոյն մարզադաշտն էր։ Մեզի համար մրցումներուն յաղթելը կարեւոր էր ոչ միայն որպէս մարզիկներ, այլ որպէս Մելգոնեանցի եւ հա՛յ։ Ինկլիշ Սքուլի եւ Ամերիքըն Աքատէմիի մարզիչներն ու մարզիկները ամէն հաշիւ կ՚ընէին միասնաբար Մելգոնեանին յաղթելու։ Այս մէկը մենք գիտէինք եւ հետեւաբար կը փորձէինք լաւագոյնս պատրաստուիլ այդ մրցումներուն։ Մասնակցող մարզիկները ամիս մը առաջ կը սկսէին օրական «յաւելեալ սնունդ» ստանալ – հաւկիթ, հալլում պանիր (ըստ Պրն. Աբգարեանին, «լում-լում-լում՝ հալլում»), տուփի կաթ, պտուղ, մսեղէն եւայլն։ Ամէն օր առաւօտեան ժամը 5։00-էն 7։00 եւ կ.ե. ժամը 3։30 – 5։30 դաշտն էին անոնք լուրջ փորձերու համար։ Հոն էր նաեւ Մարզիչ Տիգրան Միսիրեանը «Վարպետ Տիգ»ը։ Այս փորձերուն ներկայ կ՚ըլլային նաեւ այն տղաքը, որոնք «յոյս» ունէին ապագային մասնակցելու այս մրցումներուն։ Պատիւ էր տղոց համար մաս կազմել աթլէթի այս խումբին։ Մելգոնեանի եւ հայերուս համար պատիւի հարց էր յաղթելը։
Մելգոնեանի աշակերտութեան թիւը այդ օրերուն (1960-ական թուականներուն) կը տարուբերէր 220 – 240 աշակերտներու միջեւ։ Եթէ 100 – 110 աշակերտուհիներ կային, ուրեմն 120-ի շուրջ մանչ աշակերտներ ունէինք, որոնցմէ 75-80-ը փոքրերն էին։ Ուրեմն 40 աշակերտներուն մէջէն պէտք էր պատրաստուէին մարզիկներ, որոնք կարենային Ինկլիշ Սքուլի մօտաւորապէս 1000 եւ Ամէրիքըն Աքատէմիի շուրջ 600 աշակերտներուն դէմ մրցիլ։ «Մենք քիչ էինք, բայց մեզ հայ (եւ Մելգոնեանցի՛) էին ասում»…։ Ուրեմն հայութեան պատիւը շալկած, «հասարակ մահկանացու» աշակերտներս՝ քալելով, իսկ մարզիկներն ալ պասով կը կտրէինք մօտ 5 մղոն հեռաւորութիւնը մինչեւ Ինկլիշ Սքուլ եւ անձկութեամբ կը սպասէինք զէնքի առաջին կրակոցին։
Քանի որ մրցումները տեղի կ՚ունենային Ինկլիշ Սքուլի դաշտին վրայ, ուրեմն իրաւարարներուն ալ մեծ մասը «իրենցմէ» կ՚ըլլային։ Բնականաբար տեղի կ՚ունենային «սխալ դատումներ» ի նպաստ մեր մրցակիցներուն, բայց ուժերու համեմատութեամբ եւ մեր «տուխին» (ոգիին) պատճառաւ, քանի մը կէտով կամ կը յաղթէինք կամ ալ, ինչպէս տարի մը պատահեցաւ մեր մէկ մարզիկին շփացածութեան պատճառաւ (երեք քայլ հեռացատկին), մէկ կէտով կորսնցուցինք Յաղթանակի Բաժակը։ Դպրոց վերադարձին այդ շփացածին պիտի «սատկեցնէին» տղաքը, բայց «պրծաւ»։ Շաբաթներով այդ շփացածին հետ տղաքը չխօսեցան։
Տարի մը Մելգոնեանի նախկին ուսուցիչներէն մին Ինկլիշ Սքուլի մէջ սկսած էր դասաւանդել, եւ աթլէթի մրցումներուն ալ իրաւարար կարգուած էր։ Նշան Չէչէնեանը 110 մեթր արգելարշաւին առաջին ելաւ, բայց Ինկլիշ Սքուլի մարզիկն ալ շատ մօտ էր, հազիւ քանի մը սանդիմ ետ։ Այս ուսուցիչն ալ իրաւարար էր այդ մրցումին։ Հակառակ, որ անգլիացի եւ յոյն իրաւարարները արդարօրէն Նշանին տուին առաջնութիւնը, այս «հայ» իրաւարարը պնդե՛ց, որ Ինկլիշ Սքուլի մարզիկը շահեցաւ, որպէսզի իր տէրերուն հաճելի երեւար։ Կրնա՞ք երեւակայել իր գլխուն թափուած հայհոյանքներն ու «սրիկայ դաւաճան»ները։
Բացի աթլէթի եռանկիւն մրցումներէն, տեղի կ՚ունենային նաեւ Մելգոնեանի եւ Ինկլիշ Սքուլի միջեւ ֆութպոլի (փոքրերն ու մեծերը), պասքէթպոլի եւ վոլէպոլի մրցումներ։ Ըսեմ, որ մենք միայն մէկ մարզիչ ունէինք՝ «Վարպետ Տիգ»ը (Տիգրան Միսիրեան), իսկ Ինկլիշ Սքուլը Ընդհանուր Մարզիչէն զատ (Պրն. Մավրոսը), ունէր նաեւ ֆութպոլի, պասքէթի եւ վոլէի մարզիչներ, փոքրերու եւ մեծերու համար զատ-զատ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր մասնագէտ մարզիչներ աթլէթիզմի մարզումներուն համար։
Առաւօտուն տեղի կ՚ունենային պասքէթի, վոլէի եւ փոքրերու ֆութպոլի մրցումները, իսկ կէսօրէ ետք մեծերու ֆութպոլի մրցումը։ Հակառակ Ինկլիշ Սքուլի դաշտավայրերուն վայելած առաւելութիւններուն եւ մարզիչներու առատութեան, Մելգոնեանցիներս միշտ ալ պատիւով դուրս եկած ենք այս մրցումներէն։ Տարիներու վրայ եթէ գումարենք յաղթանակներն ու պարտութիւնները, շատ աւելի յաճախ յաղթած ենք քան պարտուած։
Դասընկերներէս Նիկողոս Մարոնեանը «ահաւոր» մարզիկ էր։ Գրեթէ ամէն առտու ժամը 5։30-ին դաշտ կ՚իջնէր վազելու, եւ շուրջ ժամ մը վազելէ ետք կու գար լուացուելու։ Նոյնպէս կ.ե. ժամը 4։00-5։00 դաշտն էր ան, զանազան մարզաձեւերու փորձերու մասնակցելու։ Աթլէթիզմի մրցումներուն ան 400, 800, 1500, 1650 մեթր, մէկ քայլ եւ երեք քայլ ցատկումներուն ախոյանն էր։ Նաեւ վոլէի, պասքէթի եւ ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը։ Ինկլիշ Սքուլի աթլէթի մրցումներուն առաւելագոյն ոսկի մետալ շահողը ինք կ՚ըլլար (իրաւունք ունէր միայն երեք անհատական մարզաձեւերու մասնակցիլ, եւ ուրեմն «միայն» երեք ոսկի մետալ կը շահէր… առաւել դրօշարշաւները), իսկ միւս մրցումներուն, պասքէթի եւ վոլէյի մրցումնրեէն ետք անմիջապէս կը վազէր ֆութպոլի դաշտ՝ փոքրերու խումբէն ֆութպոլ խաղալու, իսկ կէսօրէ ետքն ալ՝ մեծերու խումբէն խաղալու։ «Յոգնիլ» բայը իրեն համար գոյութիւն չունէր։ Երբեմն Մելգոնեանի ներքին մրցումներուն, մասնաւոր առիթ կու տար փոքր տղոց, որ իրենք առաջնութիւնը շահին, մետալ ստանան եւ քաջալերուին։ Հակառակ իր շատ փայլուն մարզիկ ըլլալուն, շատ համեստ եւ բարի տղայ մըն էր (Աստուած հոգին լուսաւորէ)։
Պօղոս Եալընըզեան անունով շատ լաւ պասքէթ խաղցող տղայ մըն ալ ունէինք, որ սքանչելի դերասան եւ կատակասէր ալ էր։ Արտադպրոցական խաղերուն, անպայման քանի մը անգամ մեր կիսադաշտը պաշտպանած ժամանակ, երբ մրցակից խաղցող մը իրեն դպնար, յանկարծ ոտքը բռնած գետին կ՚իյնար եւ «սարսափելի ցաւ»երու մէջ կը տապլտկէր, որպէսզի դիմացինները «փանիէ» չ՚առնէին։ Ներքին, միջ-դասարանային խաղերուն չէր քալեր անիկա, որովհետեւ գիտէինք իր խաղերը…։
Առտու մը Պրն. Ստեփան Պաղչէճեանը, Մելգոնեանի մարանապետը (որ «Պրն. Գործ» ածականը ունէր), գրասենեակս եկաւ եւ «եկուր նայէ դպրոցին բիք-ափը ի՞նչ ըրած են տղաքը», ըսաւ։ Գիշերը քանի մը տղաք այդ բիք-ափը առած եւ քշած էին ու պզտիկ արկած մըն ալ ունեցած, որուն պատճառով լոյսերէն մին ջարդուած էր։ Երբ տղոց հարցուցի, թէ ո՞վ ըրած է, անշուշտ մարդ լուր չ՚ուներ…։ Որպէս հերթապահ ըսի, որ եթէ չխոստովանին, բոլորն ալ պիտի պատժուին։ Քանի մը վայրկեան ետք Պօղոսը եկաւ եւ ըսաւ, որ ինքն է «չարաճիճի տղան» եւ թէ պատրաստ է վնասը հատուցանելու։ «Պրն. Գործ»ին հետ որոշեցինք, որ հարցը ծածկենք Տնօրէնէն, որպէսզի Պօղոսը շատ խիստ պատիժի չ՚ենթարկուի։ Ան կրնար մինչեւ անգամ վտարուիլ Մելգոնեանէն (Պրն. Պաղչէճեանին մասին աւելի ուշ պիտի գրեմ։)
1975-ին էր կարծեմ, անգամ մը պասքէթի մրցումի գացինք Ամերիկեան Հիւպատոսարանին դէմ մրցելու իրենց մարզադաշտին վրայ։ Այդ տարիներուն, վստահաբար Կիպրոսի լաւագոյն գոց մարզադաշտն էր ան։ Նոյնիսկ Ինկլիշ Սքուլի մարզադաշտը բացօդեայ էր։
Մենք յաղթեցինք։ Ամերիկացիները շատ լաւ հիւրասիրեցին մեզ եւ առաջարկեցին, որ ամիս մը ետք կրկին միասին խաղայինք։ Քանի որ յաղթած էինք, Վարպետ Տիգը ընդունեց հրաւէրը։
Եկաւ օրը։ Երբ դաշտ մտանք, մեր ամենաբարձր խաղացողը անոնց ամենակարճ խաղացողէն ալ կարճ էր…։ Մենք ազնուօրէն արտօնեցինք, որ ամերիկացիները փառաւոր յաղթանակ մը տանին մեր վրայ… իմացանք, որ Յունաստանէն եւ Գերմանիայէն (բանակատեղիներէն) խաղցողներ բերած են Ամերիկայի պատիւը փրկելու։
—
Մելգոնեանցի մարզիկներէն ոմանք կը մասնակցէին նաեւ Համակիպրական Միջ-ակումբային աթլէթի մրցումներուն, կիպրայունական ակումբներէն։ Որոշ արտօնութիւններով մեր մարզիկները շաբաթը երկու անգամ Նիկոսիա կ՚երթային փորձերու մասնակցելու։ Մեր տղաքը թ՛է Նիկոսիոյ քաղաքապետարանի «Ղա-Սի- Պի»ի խումբէն կը մարզուէին, թ՛է ալ շրջանի «Քերաւնոս» ակումբի կողմէ կը մրցէին։ Արթօ Ասատուրեան անունով մարզիկ մը ունէինք Լիմասոլէն, որ Կիպրոսի 100 եւ 200 մեթր վազքերու առաջնութիւնը շահած էր։ 1962-ին Մելգոնեանցի աթլէթները, Զարեհ Արզումանեան, Նշան Չէչէնեան (Մարք Չէնեան), Աշոտ Չագալեան եւ Արթօ Ասատուրեան 4 x 100 մեթր դրօշարշաւին առաջնութիւնը շահեցան։ Մերիններուն եւ երկրորդ ելած խումբին միջեւ մօտ 25 մեթր տարբերութիւն կար։ Բայց որովհետեւ Արթոն Լիմասոլի մէկ այլ ակումբէն էր, դատական վերին մարմինը չեղեալ համարեց մերիններուն մասնակցութիւնը։ Յաջորդ տարին՝ 1963-ին, Զարեհ Արզումանեան, Յակոբ Վարդանեան, Մարք Չէնեան եւ Աշոտ Չագալեան (որոնք «The Golden Boys» մակդիրը ստացած էին Կիպրոսի մարզական ակումբներու շրջանակներէն ներս), դարձեալ 4 x 100 մեթր վազքին առաջնութիւնը շահեցան եւ Կիպրոսի մրցանիշը հաստատեցին։ Զարեհը 1962-ին եւ 1963-ին Կիպրոսի 100 մեթր վազքի առաջնութիւնները շահեցաւ, մրցանիշ հաստատելով։ Իսկ Նշան Չէչէնեանը 110 մեթր արգելարշաւի առաջնութիւնը խլեց եւ կիպրացի մարզիչներու կողմէ սկսաւ մարզուիլ յաջորդ Ողիմպիականին Կիպրոսը ներկայացնելու։
Նշան Չէչէնեանը 1962, 1963 եւ 1964-ի Կիպրոսի 110 մեթր արգելարշաւի ախոյանն էր։ 1962-ին ան Կիպրոսի Երկրորդական Վարժարաններու մրցանիշը հաստատեց, իսկ1964-ին ալ Կիպրոսի 110 մեթր արգելարշաւի մրցանիշը, որ կարծեմ մինչեւ հիմա (2016) այդ մրցանիշը կը մնայ։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) մէջ, 1967-ին Նշանը 220 մեթր արգելարշաւի մրցանիշը հաստատեց, որ տակաւին ի զօրու է։ Բացի աթլէթի մրցումներէն, Նշանը նաեւ սքանչելի պասքէթպոլ եւ վոլէպոլ խաղցող էր եւ սարսափն էր հակառակորդ խումբերուն։
Աշոտը, Արթոն եւ Միհրանը (ուրիշ արագ վազող մը) ֆութպոլիստ էին նաեւ։ Երբ գնդակը հակառակորդին կիսադաշտին մէջ ասոնցմէ մէկուն ոտքը անցնէր, այնքան արագ կը վազէին, որ «կօլ»ը անխուսափելի կ՚ըլլար։
1960-ական թուականներուն ունէինք նաեւ Զօհրապ Պետրոսեան եւ Կարօ Վարդանեան (տղաքը «Ուրսուզ» անուանած էին Կարոյին, յունական դիցաբանութենէն) անունով երկու մարզիկներ, որոնք նշանաւոր էին նիզակ, գունտ եւ սկաւառակ արձակելու մէջ։ «Շիրակ» – «Սեւան» խմբական մրցումներէն մէկուն ժամանակ, Զօհրապը որպէսզի քաջալերէ Կարոյին, գնաց եւ նախորդ տարուան մրցանիշէն քիչ մը ետեւ կեցաւ ու «Կարօ, կրնաս նէ նիզակով ինծի զարկ», ըսաւ։ Կարօն ալ (աղջիկները հոն էին…) այնպիսի ուժով արձակեց նիզակը, որ գնաց եւ Զօհրապին ոտքին մտաւ…։ Եթէ շարժէր՝ ամօթ էր։ Զօհրապին Մելգոնեանի դարմանատունը տարին եւ ոտքը փաթթելէ ետք եկաւ մրցումը շարունակելու։ Այդ օր Մելգոնեանի նիզակ արձակելու նոր մրցանիշը հաստատուեցաւ։
Զարեհ Արզումանեանը չորս տարի Լիբանանի 100 մեթր վազքի ախոյեանն էր (ՀԲԸՄ ՀԵԸ ի խումբէն)։ 1966-ին ան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (A.U.B.) «Centennial Best Athlete» եւ «One of the best dressed student» տիտղոսին արժանացաւ։ Կ՚իմանամ, որ այս տարի (2016) Պ.Ա. Համալսարանի 150-ամեակին առիթով, Զարեհին անունը պիտի յիշուի Համալսարանի պատմութեան 10 լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ։ Զարեհը 1963 եւ 1964 տարիներուն Լիբանանի 100 մեթր վազքի ախոյեանն էր նաեւ։
Աշակերտներս կը զարմանայինք, թէ ինչու՞ Նիկոսիոյ ՀԲԸ Միութեան ակումբը այս տղոցմով իր խումբը չէր կազմեր եւ մասնակցէր Համակիպրական մրցումներուն ու շատ պատուաւոր դիրքերու հասնէր։ Բացի անհոգութենէ եւ «գործէ փախիլ»է, ոչ մէկ բացատրութիւն կրցած եմ գտնել մինչեւ այսօր։
—
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ուսուցչական տարիներուս, ՀԲԸՄ – Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) Ատենապետն էի (1974 – 1980)։ Այդ տարիներուն վարչական տղոց հետ որոշեցինք Համակիպրական Միջակումբային վոլէպոլի մրցումներուն մասնակցիլ։ Առաջին տարին գրեթէ բոլոր խումբերը պատիւը ունեցան մեզի յաղթելու…։ Երկրորդ տարին Մելգոնեանէն երեք տղաք եկան միանալու ՀԵԸ-ի խումբին։ Սարգիս Անդրէասեանը սարսափելի խաղցող եղած էր։ Բարձրահասակ, ճկուն եւ շատ զօրաւոր «բիքէ իջնող» էր։ Կարելի չէր իր հարուածներուն դիմանալ։ Առաջին մրցումը նախորդ տարին առաջնութիւնը շահած խումբին դէմ էր։ Յունական խումբը գիտէր, որ մենք պատրաստ զոհերն ենք եւ ճակատագրուած ենք պարտուելու։ Սարգիսէն լուր չունէին։ Խաղին առաջին մասին (սէթ) 15 – 8 մենք յաղթեցինք։ Իրաւարարը, որ «ազնիւ» յոյն մըն էր, սկսաւ դիմացիններուն «ֆաուլ»երը եւ «out»երը չտեսնել եւ մեր մաքուր գնդակները «ֆաուլ»երու վերածելով երկրորդ եւ երրորդ խաղասէթերուն «ստիպել», որ մենք 13-15 եւ 12-15 կէտերով պարտուինք։ Մինչ այդ հանդիսատեսներու մէջ կային կիպրացի բանակայիններ, որոնք քանի մը ժամուայ արտօնութեամբ զօրանոցէն ելած եւ եկած էին խաղը դիտելու։ Այս զինուորները սկսան ծաղրել մեզ, արհամարհական խօսքեր եւ աղտոտ հայհոյանքներ նետել մեզի եւ մեր հայ ազգութեան։ Յակոբ Թիւթիւնճեանը (Ակուլին, Ասուած հոգին լուսաւորէ), դաշտէն պոռաց, որ խաղը վերջանալուն սպասեն, որպէսզի պատասխան տան իրենց հայհոյանքներուն։ Մենք՝ հայերս, 6 + 4 խաղցող ունէինք եւ 10 – 15 տղաք ալ եկած էին խաղը դիտելու։ Իրենք՝ 30-40 զինուորներ, առաւել միւս յոյն դիտողները։ Երբ խաղը վերջացաւ, մեր մարզիկները վեր վազեցին եւ ահաւոր ծեծկրտուք մը սկսաւ։ Ես փորձեցի միջամտել կռիւը կեցնելու, բռունցքի փառաւոր հարուած մը ուտելով, ակնոցս կորսնցուցի (աչքս միայն քանի մը օր… սեւցած մնաց)։ Վերջապէս մեծերը եկան եւ բաժնեցին կռուողները։ Ասատուր Տէվլէթեանը, որ Մելգոնեան հայերէնի ուսուցիչ էր (Անգլիոյ մէջ նախ փաստաբանութիւն ուսանած), յունարէնով սկսաւ բողոքել եւ ըսել, որ մեր ապահովութեան համար հիմա Միացնալ Ազգերու Խաղաղապահ Ուժերէն զինուորներ կամ դէտեր կը պահանջէ, քանի որ ասիկա համայնքային– փոքրամասնութիւններու յատուկ խնդիր է եւ պէտք է անոնք տեղեակ ըլլան։ Յոյները սարսափեցան, քանի որ թուրք փոքրամասնութեան խնդիրը կար, եւ յոյները շատ զգայուն էին բոլորին ցոյց տալու, որ իրենք փոքրամասնութիւններու հանդէպ շատ արդար են եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանուած են։ Խեղճերը ներողութիւն խնդրեցին մեզմէ եւ Ակուլիին հարցուցին, որ ո՞վ էր հայերուն հայհոյողը։ Երբ Ակուլին ցոյց տուաւ, դաշտին պատասխանատուն զօրաւոր ապտակ մը իջեցուց զինուորին երեսին եւ «չե՞ս ամչնար դուն, հայերը մեր եղբայրներն են» ըսելով կրկին անգամ ներողութիւն խնդրեց մեզմէ։ Մենք ալ… ներեցինք։ Ասատուրին ըրածը պարզապէս մարդոց վախցնել էր, քանի որ մենք քանի մը հոգիով չէինք կրնար գլուխ ելլել այդ տղոց հետ։
—
Մելգոնեանցիներս կը մասնակցէինք նաեւ Զատկուայ արձակուրդներու ընթացքին,Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող ՀԲԸՄ – ՀԵԸ ի Նաւասարդեան Խաղերուն։ Պէյրութ երթալու համար զտումները շատ խիստ էին։ Զտումներէն ետք կանոնաւոր փորձեր տեղի կ՚ունենային ամէն օր, առտուները եւ կէսօրէ ետքերը։ Ընտրուած մարզիկները դարձեալ «յաւելեալ սնունդ» կը ստանային։ Արդար չէր, որ մենք՝ Մելգոնեանցիներս կը մրցէինք Նաւասարդեան Խաղերուն մասնակցող խումբերուն դէմ, քանի որ… մենք շատ լաւ մարզուած էինք։ Ասիկա Պէյրութցիները լաւ գիտէին եւ «մասնաւոր կարգադրութեամբ» այնպէս մը կ՚ընէին, որ միւս խումբերն ալ մետալ կամ բաժակ շահէին։ 1962-ին եւ 1963-ին, աթլէթի 13 մարզաձեւերուն 12 ոսկի եւ 12 արծաթ մետալները մենք շահեցանք (մէկ հատ ալ «պոնուսի» համար՝ պրոնզ…)։ Բայց ՀԵԸ-ի պատասխանատուները, որպէսզի Մելգոնեանի անունը միշտ չտան, երբեմն «Մելգոնեան»ի երբեմն ալ «Կիպրոսի Ակումբ»ի անունները կու տային…։ Այդ տարիներուն 4 x 100 եւ այլ դրօշարշաւներու ամբողջ Սփիւռքի ամենաարագ վազող խումբը Մելգոնեանի խումբն էր։ Տարի մը, կարծեմ 1966-ին էր, ՀԲԸՄիութեան Ցկեանս Նախագահ Տիար Ալեք Մանուկեանն ալ ներկայ պիտի ըլլար խաղերուն։ Պէյրութի ՀԵԸ-Անդրանիկ ընդդէմ Մելգոնեան ֆութպոլի մրցումի կիսախաղը չաւարտած, Բարերարը կը ժամանէ։ Մինչ այդ Մելգոնեանը 2 -0 արդիւնքով կը յաղթէր ՀԵԸ – Անդրանիկ խումբին։ Խաղը կը կեցնեն «Բարի Գալուստ»ի խօսքերը ըսելու եւ այլ ծրագիրներ իրագործելու։ Ֆութպոլի խաղը չշարունակուիր։ Վերջաւորութեան երբ բաժակները պիտի բաժնուէին յաղթող խումբերուն, ձեռամբ Բարերարին, կը յայտարարուի, որ ՀԵԸ – Անդրանիկը ֆութպոլի յաղթական խումբն է։ Խե՜ղճ պէյրութցիները կ՚երեւայ չուզեցին պզտիկ մնալ Ալեք Մանուկեանին առջեւ։
1963-ի Պէյրութի Նաւասարդեան մրցումներուն, Մելգոնեանցի Համբարձում Տրամերեանը 1600 մեթր վազքին կը մասնակցէր։ Ան մէկ լման շրջան ետ մնացած էր իր մրցակիցներէն, բայց շարունակեց վազել։ Երբ վերջացուց դաշտի շուրջ 20,000 հանդիսատեսները յոտնկայս… ծափահարեցին։
—
Ուսուցչական տարիներուս մէյ մըն ալ Հայաստանէն «Դոցենտ» մարզիչներ ղրկուեցան։ Ուրախացանք, որ «Վարպետ Տիգ»ին հետ այս նոր մարզիչները մեր խումբերուն մակարդակը կիսաարհեստավարժ մակարդակի պիտի բարձրացնեն։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու ըսեմ, որ այդ հայաստանցի «մարզիչ»ները պատուհաս եղան Մելգոնեանի մարզական կեանքի գլխուն։ Ես մինչեւ 1980 Մելգոնեան կը պաշտօնավարէի։ Հայաստանցի «մարզիչ»ներու ժամանումէն (1973) մինչեւ իմ Միացեալ Նահանգներ գալս (1980), Մելգոնեանի մարզական կեանքը ահաւոր անկում կրեց, մանաւանդ մարզիչ Տիգրան Միսիրեանի անարդարօրէն գործէն արձակուելէ ետք (1975)։
1976-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, լիբանանցի աշակերտները ամառը Մելգոնեան մնացին (նաեւ յաջորդ տարիներուն)։ Վազգէն Սաղպազարեան անունով շրջանաւարտ աշակերտ մը ունէինք, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի երթար։ Ստիպուած էր տակաւին մինչեւ Յունուար Կիպրոս մնալ։ Տնօրէն Պրն. Ասատուր Պետեանը արտօնեց իրեն, որ Մելգոնեան մնայ, հսկողութեան թեթեւ պարտականութիւններ ալ տուաւ անոր, որպէսզի փոքր եկամուտ մը ապահովէր։ Վազգէնը կամաւոր կերպով սկսաւ Հաստատութեան ֆութպոլի խումբը մարզել։ Պէտք է ըսել, որ Վազգէնը Պրն. Միսիրեանի մարզափորձերուն եւ հեռատեսիլէն Անգլիական ֆութպոլի խաղերը դիտելով, շատ աւելի լաւ ֆութպոլի մարզիչ եղաւ, քան Հայաստանէն եկած «մարզիչ»ները։
Կաղանդի եւ Զատկուայ արձակուրդներուն (Դեկտեմբեր 24 – Յունուար 7) որպէսզի աշակերտները զբաղ պահուէին, մարզական մրցումներ կը կազմակերպուէին («Շիրակ» – «Սեւան»)։ Բայց յանկարծ Դեկտեմբեր 10-ի ատենները Հայաստանէն հեռագիր մը կու գար այս «մարզիչ»ներուն, որ «մայրդ շատ ծանր հիւանդ է, շուտ տուն առի»…)։ Դեկտեմբեր 15-ի ատենները ասոնք Հայաստան կը մեկնէին… 6-8 ուռած ճամպրուկներով։ Զատկուայ արձակուրդին նոյն պատմութիւնը։ Ըսեմ, որ Մելգոնեան վերադարձին միշտ քանի մը օր ուշ կը հասնէին «Մոսկուայէն վիզային ուշացումի» պատճառաբանութեամբ։ Տարի մը այս «մարզիչ»ներէն մին կը մտնէ Պրն. Ասատուր Պետեանին մօտ եւ հեռագիրը ցոյց տալով կ՚ըսէ, որ «մայրը մահացած է», եւ հետեւաբար պէտք է անմիջապէս Երեւան մեկնի։ Պրն. Պէտեանը (Տնօրէնը) կ’ըսէ, որ «մայրդ անցեալ տարի մեռած էր, յարութիւ՞ն առաւ արդեօք»…։ Օ՜, կ՚ըսէ մեր «մարզիչ»ը, «անիկա մօրաքոյրս էր, որ մեզ մեծցուցած է, անոր համար ալ իրեն «մայրիկ» կ՚ըսէինք»։ Անշուշտ մենք ալ հաւատացինք…։
Յարգանք Մելգոնեանի իրա՛ւ մարզիչներու յիշատակին, յարգանք մարզիչ Տիգրան Միսիրեանի (Վարպետ Տիգ) յիշատակին եւ յարգանք մեր փայլուն մարզիկներուն։
Լոս Անճելըս, 2016