ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը Կանաչ կլիմայական հիմնադրամին կողմէ ստացած է 20 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ՝ ամբողջ Հայաստանի տարածքին ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, նաեւ ծախսերն ու ածխածինի երկօքսիտի արտանետումը նուազեցնելու համար: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ տրուող այս դրամաշնորհը առաջինն է՝ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ու երկրորդը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ֆինանսաւորումը ծրագիրի խումբին կարելիութիւն կու տայ՝ արդիականացնելու շուրջ 6000 ընտանիքներու բնակարաններու եւ 150 հանրային շէնքերու, ներառեալ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու արտաքին պատերը, մուտքերը, տանիքները, առաստաղները, պատուհանները եւ յատակները: Ծրագիրին նպատակն է լուծում տալ տուներու եւ հանրային շէնքերու ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան խնդիրներուն՝ այդպիսով նուազեցնելով անտառահատումները եւ ուժանիւթի սպառումը:
«Այս մէկը ամենամեծ ներդրումն է, որ մեր գրասենեակը երբեւէ ստացած է: Մենք հպարտ ենք պատկերացնելով, թէ այս ներդրումը ինչ կրնայ նշանակել մեր երկիրի ապագայի համար», ըստ «Արմէնփրես»-ի յայտնած է ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի Հայաստանի գրասենեակի կլիմայական փոփոխութիւններու փորձագէտ Տիանա Յարութիւնեան:






