Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Հանդիպում «ՄԻՐԱՔ»ի Շուրջ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկեր Սեւակ Յակոբեանի Երեւանի մէջ տարած կազմակերպչական աշխատանքներու եւ տեսակցութիւններու ծիրէն ներս, հանդիպում մը կայացաւ ՌԱԿ-ի «Միրաք» Պատանեկան – Ուսանողական Շարժումի պատասխանատու յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Հանդիպման մասնակցեցան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Միրաք»ի պատասխանատու յանձնախումի ատենապետ՝ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան, ընկերուհիներ Անի Չալեան, Մակի Սողիկեան, Վարդի Գույումճեան եւ ընկերներ Սեւակ Սողիկեան, Արմէն Չալեան:

Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու «Միրաք» շարժումի մինչեւ օրս կատարած աշխատանքները եւ ծրագրելու ապագայի գործունէութիւններն ու համագործակցութիւնը՝ Հայրենի վարժարաններու հետ, որպէսզի «Միրաք» մօտիկ ապագային աւելի եւս տարածուի ու ընդգրկէ նոր անդամներ Հայրենի բոլոր դպրոցներէն:

Գործունէութիւններու համակարգումի եւ դերերու բաժանումի ծիրէն ներս, ժողովի ընթացքին հեռակայ կապով հաղորդակցութիւն ստեղծուեցաւ «ԵՌԱԿ» երիտասարդական շարժումի պատասխանատուներէն՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ  ընկեր Պարոյր Գույումճեանին հետ, որուն հետ կատարուեցաւ շինիչ միտքերու փոխանակում:

Յաջողութիւն ՌԱԿ-ի նորակազմ երկու շարժումներուն՝ «ԵՌԱԿ»-ին եւ «Միրաք»ին:

 ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին