Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Կարէն Միրզոյեան Ղարաբաղի Հակամարտութեան Վերջնական Կարգաւորումը Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչման Մէջ Կը Տեսնէ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը հնարաւոր է միայն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի եւ անոր իւրացման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ճամբով: Այսպէս յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Tert.am-ի տրուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան նշեց, որ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները կարեւոր հանգրուաններ են, Ազրպէյճանի Ապրիլեան արկածախնդրութեան հետեւանքով՝ խաղաղ բանակցային գործընթացին հասցուած վնասները վերացնելու գծով: Միրզոյեան կրկին ընդգծեց բանակցային գործընթացին Արցախի լիարժէք մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին