*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հետաքրքրական երեւոյթով մը Յուլիսի Պատերազմի աւարտէն ետք, տասը տարիներ լուռ մնալէ յետոյ, Հըզպալլա սկսած է իր դաշնակիցները գործակալութեամբ մեղադրելու նշոյլներ ցոյց տալ…:
Այս երեւոյթը կարեւոր հարցական մը կը յառաջացնէ: Հըզպալլա ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տայ իր դաշնակից՝ Ազգային Ազատ Հոսանքի ղեկավար Զօր. Միշէլ Աունին, այս յանկարծակի զարգացումին մասին, երբ Աուն մեծ յոյսեր դրած է Հըզպալլայի վրայ՝ անոր հետ համագործակցելով դիւրացնելու համար ընթացիկ ամրան վերջը իր նախագահ ընտրութիւնը…:
Քաղաքականութեան մէջ այս ժխտական զարգացումը ինչպէ՞ս կը հասկցուի արդեօք…: