Օգոստոս 20-ի երեկոյեան Պուլկարիոյ Սիլիսթրա քաղաքի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած էին բազմաթիւ հայեր` տօնելու եկեղեցւոյ տօնը: Անոնցմէ մաս մը կը մասնակցէր մատաղի պատրաստման արարողութեան, միւսները` սեղաններու շուրջ ուրախ տօնախմբութիւն կազմակերպած էին: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, կը յայտնէ Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան:
Ինչպէս իւրաքանչիւր տարի, այս տարի եւս քաղաք այցելած էր Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան: Փլովտիւ քաղաքի «Սիրուն» երգչախումբը հայկական գեղեցիկ կատարումներով հաճելի պահեր պարգեւեց հաւաքուածներուն: Ուրախ երգերն ու տօնախմբութիւնը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Կիրակի առաւօտեան ներկաները մասնակցեցան պատարագի, որ մատուցեց Ռուսէի քահանայ Տէր Հատաւեան: Վերջինս պատարագի աւարտէն ետք օրհնեց մատաղն ու խաղողը, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն: