«Support Armenia» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ «Քեզ հետ եմ հայ զինուոր» նախագիծին ծիրէն ներս՝ Ստեփանակերտի «Ուալլեքս Կարտըն» հիւրանոցային համալիրին մէջ, երէկ, դրամական աջակցութիւն տրամադրած են ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու երեխաներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Կազմակերպութեան «Քեզ հետ եմ հայ զինուոր» նախագիծին նպատակն է շարունակական օգնութիւն ցուցաբերել ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներու անչափահաս երեխաներուն:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Support Armenia» կազմակերպութեան, որուն մայր կեդրոնը կը գտնուի ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:
Կազմակերպութեան համահիմնադիր Յովիկ Զիրաքեան տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան Յունիս 12-ին Լոս Անճելըսի մէջ` «Support Armenia» բարեգործական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Քեզ հետ եմ հայ զինուոր» խորագիրը կրող հեռուստամարաթոն, որուն նպատակադրումը ստացուած ամբողջ հասոյթին տրամադրումն է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ վիրաւոր զինուորներուն:
Յ. Զիրաքեանի հաւաստիացումով` ծրագիրը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ։
Անոր խօսքով՝ կազմակերպութեան ստեղծման գաղափարը աջակցութիւնն է ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու օրերուն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ վիրաւոր զինուորներուն:
«Support Armenia»-ի համահիմնադիր Լիլեա Աւագեան յայտնած է, որ «Քեզ հետ եմ հայ զինուոր» ծրագիրին ծիրէն ներս օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու 33 ընտանիքներուն, որոնք ունին անչափահաս երեխաներ:
«Մեր նպատակն այդ ընտանիքների երեխաներին շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելն է ` մինչեւ նրանց չափահաս դառնալը: Մենք կ’այցելենք նաեւ այդ օրերին վիրաւորուած զինծառայողներին, ովքեր մինչ հիմա դեռ բուժում են ստանում»,- մանրամասնած է Լ. Աւագեան` աւելցնելով, որ կազմակերպութեան կողմէն ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն պիտի ցուցաբերուի ամենամսեայ նիւթական աջակցութիւն:






