Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը հնարաւոր է միայն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի եւ անոր իւրացման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ճամբով: Այսպէս յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Tert.am-ի տրուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան նշեց, որ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները կարեւոր հանգրուաններ են, Ազրպէյճանի Ապրիլեան արկածախնդրութեան հետեւանքով՝ խաղաղ բանակցային գործընթացին հասցուած վնասները վերացնելու գծով: Միրզոյեան կրկին ընդգծեց բանակցային գործընթացին Արցախի լիարժէք մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: