Շաբաթավերջին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 55 անգամներ։ Հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ներառեալ Ուտեոս տեսակի խոշոր տրամաչափի գնդացիրէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 750 կրակոցներ: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականօրէն պահպանած են զինադադարի դրութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն շատ անհրաժեշտութեան պարագային:






