Հայաստանի News.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ տեղեկութիւններու 47-ի կը հասնի թիւը անոնց, որոնք Սասնայ Ծռեր անուամբ Յուլիս 17-ին մուտք գործեցին Երեբունի ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածք, կամ կը մեղադրուին գունդի տարածք մուտք գործած անձերուն օժանդակելու մէջ: Դատական գործին միացուած է նաեւ՝ Ժիրայր Սեֆիլեանի դէմ քանի մը ամիսներ առաջ յարուցուած քրէական գործը, որուն շրջանակին մէջ կան 9 մեղադրեալներ: Այս թղթածրարին միացուած է նաեւ՝ Հիմնադիր Խորհրդարան կազմակերպութեան 5 անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական դատը: Միւս կողմէ Սարի թաղի մէջ եւ Խորենացի փողոցին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն հարցով, նաեւ կան այլ 27 մեղադրեալներ: Անոնք կը հետապնդուին զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կամ մասնակցելու մէջ: Նշենք, որ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ, սոյն քրէական գործերով քննութիւն կատարելու համար ձեւաւորուած է քննչական յատուկ խմբակ մը: Քննիչներուն թիւը կը հասնի քանի մը տասնեակի: