Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Նախագահ… Անձի Չգոյութիւն Թէ՞ Կողմերու Խելագարութիւն…

Ըլլայ «իշխող» մեծամասնութիւն թէ «ծանօթ» ընդդիմութիւն… կողմեր են, որոնց կարեւոր է ընդունիլ որպէս իրաւացի խմբաւորումներ, ըլլան պետութեան թէ ժողովուրդի կողմնակիցներ, հեռու ատելութեան սահմաններէ եւ կամ անհատական անտեսումներէ…

Սիրելի «քաղաքագէտներ».-

Բոլորս կը ներկայացնենք նոյն ժողովուրդը, ըլլանք իշխանութեան գլուխ թէ ընդդիմադիր, յարգելով գաղափարախօսութիւններն ու վերաբերմունքները, միշտ բարձր պահելով յարգանքի «մարդկային» տուեալները… որովհետեւ որպէս որ կողմի ալ պատկանող, կողմերու հակադարձ կեցուածքները շատ առաջնահերթ կարեւորութիւն կ՛ունենան որեւէ գալիք ընտրական կամ քաղաքական շարժումներէ ներս, որովհետեւ դրական թէ ժխտական, ժողովրդային կողմնորոշումները կրնան անսպասելի արդիւնքներու հասցնել երկիրը, «իշխող» թէ «ընդդիմադիր» կողմի ի նպաստ…:

Որպէս 8-ի կամ 14-ի հետեւորդներ, չենք կրնար անտեսել այն օրերը, երբ հաւանաբար կը համարուէինք առաջնահերթ քաղաքական «ընդդիմադիր» ապա «ղեկավար» դաս, պահելով բոլոր յարգանքները ի դէմ «նորաստեղծ» ընդդիմութիւններու…: Ահաւասիկ այսօ՛ր, այս «կորսուած» եւ կողմերու անորոշութեանց իրավիճակներուն մէջ, չկայ կողմ մը, զոր կրնայ բնորոշել իր «տիրապետական» բնոյթը եւ ներկայանալ որպէս «առաջնորդ» կամ «ընդդիմադիր»…։

Սիրելի «քաղաքական» հաւատարիմներ,

Գանք փաստելու մեր հայրենասիրութիւնը ի նպաստ Լիբանանի եւ աշխատինք մօտեցնել կողմերը պարզապէս յայտնելու մեր ժողովուրդի սիրելիներուն, թէ ընտրեալ ուղին որոշելու է իրավիճակներու սրբագրութիւնը, մանաւանդ նախագահի եւ յաջորդող լիազօր ընտրութիւնները՝ որպէս օրինաւորութիւն եւ միացեալ առաջնահերթ ներդրում…։

Անիմաստ է ընդունիլ այդ ժողովրդային հասկացողութիւնը, ըստ որուն… կարեւոր է ստանձնել երկիրի ղեկը, ընդունուելու  համար որպէս ճիշդ «հայրենասիրութիւն»… սակայն երբ ներկայ իրավիճակը երկարի, կու գայ անկեղծօրէն յայտնելու բոլորին, թէ որպէս «իշխանաւոր» եւ կամ «ընդդիմադիր», պիտի դրուինք նոյն ժողովրդային ատելութեան սահմաններէն ներս… մինչեւ այն ատեն, որ ժողովուրդը կու գայ ինք որոշելու կողմերու ճակատագիրը, ղեկավարութեան «երկարամեայ» անգիտակից իրավիճակէն ետք…:

Իմ անմեղ եւ շատ անհատական խրատականս կու գայ յայտնելու- առ ի ներկայ առաջնահերթութիւն- հասնիլ նախագահի ընտրական համաձայնութեան, նոյնիսկ եթէ ան միաձայնական թեկնածու մը չէ… որովհետեւ այդ ընտրութեամբ կու գանք շահելու ժողովրդային անկեղծ կեցուածքը՝ ի նպաստ միասնական այս ընտրական որոշումին… մինչեւ այն ատեն, որ որեւէ կողմի այս մարդկային /քաղաքական դրական զիջումը, հաւանաբար նոյն այդ «ընդդիմադիր» ընդունուած կողմը դարձնէ ժողովուրդին եւ երկիրին լաւագոյն նպաստողը… զոր կ’առաջնորդէ նոյն ինքը հաւանաբար դառնալու «ղեկավար» կողմ, ժողովրդային որոշումի որպէս արդիւնք…։

Սրտագին մաղթանքներս բոլոր կողմերուն, հասնելու մէկ ազգային որոշումի, պահելով իւրաքանչիւրը իր հաւատարմութիւնը ներկայ իր պատկանելիութեան, միշտ պահելով սակայն երկիրին եւ ժողովուրդին մեծագոյն առաջնահերթութիւնները…։

Կողմե՛ր… միացէ՛ք որեւէ նախագահի շուրջ եւ փաստեցէ՛ք բոլորին, որ ձեր աշխատանքը ի շահ երկիրին եւ ժողովուրդին է… եւ ես այսու կու գամ վստահեցնելու, որ ձեր ապագան պիտի մնայ ձեր իսկ կողմերուն ի նպաստ, «ղեկավար» թէ «ընդդիմադիր», մինչեւ այն ատեն, որ նոյն Լիբանանն է եւ նոյն ժողովուրդը…։

…Իսկ յաջորդող որեւէ կողմի յաղթանակը նոյն ինքը մեր սիրելի Լիբանանի յաղթանակն է…:

Սրտագին լաւագոյն մաղթանքներով՝
Յովիկ Ներսէսեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին