Ընթացիկ ամրան վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, Հայրենիք այցելեց տեսակցութիւններ ունենալու տեղւոյն հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ, ընդ որում ան այցելեց «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան գրասենեակ, հանդիպում ունենալու համար անոր նախագահ Տիկ. Սուսաննա Մկրտչեանին հետ: Հանդիպումը առիթ մըն էր շնորհակալութիւն յայտնելու Տիկ. Մկրտչեանին, «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի զարգացման գծով կազմակերպութեան տարած աշխատանքին համար: Ապա երկուստեք քննարկեցին «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի զարգացման ուղիին հետ առնչուող հարցեր եւ փոխանակեցին գաղափարներ ու առաջարկներ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ` համագործակցութիւնը բարելաւելու միջոցներ:
Վարժարանիս կապերը Հայրենի հաստատութիւններու հետ աւելի եւս ամրապնդելու նոյն ծիրին մէջ, Տիկ. Պոյաճեան այցելեց ԹՈՒՄՕ Ստեղծարար Արհեստագիտութիւններու Կեդրոն եւ տեսակցեցաւ կեդրոնի ղեկավար Տիկ. Մարիլու Փափազեանին հետ: Անոնք միասնաբար արծարծեցին ԹՈՒՄՕ կեդրոնին ունեցած դերին կարեւորութիւնը՝ հայրենի թէ սփիւռքահայ պարմանուհիներուն եւ պատանիներուն մօտ, ուր անոնք կը հետեւին մասնագիտացած դասընթացքներու, դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու, որոնցմով հնարաւորութիւն կ’ունենան գործնականօրէն կիրառելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները: Տիկ. Պոյաճեան գնահատելով կեդրոնին տարած աշխատանքը համոզում յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի մը գոյութիւնը օգտաշատ ներդրում կ՛ունենայ լիբանանահայ նոր սերունդին մօտ: Անոնք նաեւ քննարկեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի եւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի միջեւ յաւելեալ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնուհիին երրորդ հանդիպումը կայացաւ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) նախագահ փրոֆ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի հետ: Ծանօթանալէ ետք համալսարանին պատմութեան եւ ընձեռած կրթական ծառայութիւններուն, Տիկ. Պոյաճեան պատրաստակամութիւն յայտնեց վարժարանիս աշակերտները քաջալերելու՝ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, որ կը տրամադրէ ոչ միայն լաւագոյն ուսում՝ մատչելի կրթաթոշակով, այլ նաեւ հայ ուսանողին առիթ կու տայ ուսանելու Հայրենիքի մէջ՝ հայրենի հողին վրայ:
Վերոյիշեալ երեք օգտաշատ հանդիպումները առիթ հանդիսացան, մեր վարժարանին եւ հայրենի նշեալ կառոյցներուն միջեւ կապերը աւելի եւս ամրապնդելու եւ համագործակցութեան առիթները բազմապատկելու:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ