Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 13-16 պիտի իրականացուի ժամանակակից ռազմական սարքերու արտադրութեան ցուցահանդէս: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
ՊՆ խօսնակը նշած է, որ մասնակցութեան հրաւէր ուղարկուած է ոչ միայն ՀԱՊԿ անդամ երկիրներուն, այլ նաեւ այլ պետութիւններու:
«Պարզապէս հիմա, քանի դեռ յստակեցուած չէ մասնակիցների ցանկը, վաղ է ասել` ցուցահանդէսը լայն կազմով կ’անցկացուի, թէ բացառապէս ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւնների շրջանակներում»,- ըսած է ՊՆ մամլոյ խօսնակը` աւելցնելով, որ հնարաւոր է փոփոխութիւններ ըլլան: Մանրամասներուն վերաբերեալ տեղեակ պիտի պահեն: