Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Ուոլթըր Քարապեան Ալան Յովհաննէսի Թիւ 28 Համանուագին Բնագիրը Նուիրեց «Լարք»ին

«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Օգոստոս 3ին տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Ուոլթըր Քարապեանին ի պատիւ  հաւաք մը, որուն ներկայ էին երաժշտանոցի վարչութեան անդամներն ու շրջանի հայ համայնքէն նուիրեալ այլ անդամներ։

Քարապեանները երկար տարիներով եղած են հայկական արուեստի արժէքաւոր գործերու հաւաքողներ, եւ Ուոլթըրի ու անոր հանգուցեալ կնոջ՝ Լորըլի առատաձեռնութեան շնորհիւ՝ այդ թանկարժէք իրերը ներկայիս կը ցուցադրուին հայկական վարժարաններու, եկեղեցիներու, գրադարաններու եւ թանգարաններու մէջ, ներառեալ՝ «Լարք»ի գրադարանն ու Պոսթընի մէջ գտնուող Ամերիկայի Հայկական գրադարանն ու թանգարանը։

Ձեռնարկին ընթացքին Ուոլթըր Քարապեան ներկաներուն հետ կիսեց իրաւական մարզէն ներս եւ անհատներու հետ շփումներուն ընթացքին իր փորձառութիւնները եւ անոնցմէ քաղած դասերը, միաժամանակ շեշտելով մշակութային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ դրուատեց «Լարք»ի կողմէ տարուող կրթական, կատարողական եւ ուսումնասիրական գործունէութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ 2014ին տեղի ունեցած Լորըլի կորուստին մասին, որ իր հետքը ձգած է Լոս Անճելըսի հայութեան վրայ։

Աւարտին, ի յիշատակ իր կնոջ, Ուոլթըր Քարապեան «Լարք» Մշակութային թանգարանին նուիրեց Ալան Յովհաննէսի թիւ 28 համանուագի բնագիրը։

Նշենք, որ սոյն համանուագը նուիրուած է Լորըլ Քարապեանի հօր՝ Արշակ Տիգրանեանի, եւ անոր անդրանիկ կատարումը տեղի ունեցած էր 1976ին, «Տորըթի Չենտլըր Փըվիլիըն» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ մայէսթրօ Օհան Դուրեանի։ Բնագիրին կողքին, Քարապեան նուիրեց նաեւ օրինակ մը նշեալ կատարումի յայտագիրէն, որ ձեւաւորուած էր Կարօ Մանտոսեանի կողմէ։

Այս ամսին կը յայտնէ «Ասպարէզ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին