Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Քուէյթի Մէջ

Հակառակ ամառնային արձակուրդներու շրջան ըլլալուն, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին տօնական մեծ օր մը ապրեցաւ, Աստուածածնայ Վերափոխման օրը, Ուրբաթ 12 Օգոստոսին։ Պատարագը մատուցեց եւ օրուայ պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, որ հաւատացեալներուն Աստուածամօր վերջին շրջանի կեանքին ու մահուան ինչպէս նաեւ վերափոխման հաստատման պատմականը ընելէ ետք, անդրադարձաւ Աստուածամօր տիպարին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած իւրայատուկ ներկայութեան մասին։ Ան շեշտեց Աստուածածնի փրկագործական խորհուրդին մէջ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնը, անդրադարձաւ անոր աղօթական կեանքին, մայրական կոչումին, հաւատարմութեան ու իր Միածին Որդիին մօտ մշտական բարեխօսթեան` դառնալով խորհրդանիշ քրիստոնէական վեհ առաքինութիւններու եւ առաջնորդ երանական երկնաւոր լուսոյ խորաններու արժանանալու ճամբուն։

Պատարագի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Քուէյթի մօտ ՀՀ Հիւպատոս Տիար Լեւոն Պետրոսեան: Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը, խաղողի ողկոյզներով զարդարած էր խորանը, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին նուիրած խաղողները ողողած էին անբողջ բեմը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի Facebook-ի էջը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին