*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Ամերիկայի Ֆրեզնօ քաղաքէն մինչեւ երբեմնի Խորհրդային Հայաստան, ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան, օդային երկար ճանապարհը կտրած է 30-ական թուականներուն՝ Փերիա-Սթալինեան դժնդակ օրերուն (հանդիպելով անմահ Եղիշէ Չարենցին հետ նաեւ…), նոյնպէս ալ Պրեժնեւեան-Տեմիրճեանական փայլուն ժամանակներուն, թագաւորավայել ընդունուելով Հայաստանի ղեկավարութեան թէ ժողովուրդին կողմէ:
Այցելութեան ընթացքին, Սեւանի ափին Վ. Սարոյեան լիճի ալիքներէն լաւ յղկուած քար մը կը վերցնէ եւ կը խնդրէ, որ զայն տեղաւորեն ինքնաշարժին մէջ՝ ըսելով, թէ Ֆրէզնօ պիտի տանի:
-«Այս հսկայական քարը ինչպէ՞ս էք տանելու», կը հարցնեն:
-«Ինքնաթիռով պիտի տանիմ…»:
-«Ի՞նչու համար»:
-«Ով որ Հայաստանի դէմ վատ խօսի, անոր գլխուն պիտի զարնեմ քարը», կը պատասխանէ հայ մեծանուն գրողն ու մտաւորականը:
Այսօր Հայաստանը, Հայաստանի պետութիւնն ու կառոյցները վարկաբեկելու, քարկոծելու, վատաբանելու արշաւ մը սկսած է մամուլով, համացանցի էջերով, նոյնիսկ փոքրաթիւ բայց աղմկայարոյց ցոյցերով, փառապա՜նծ «հայրենասէր»ներու, «մաքրակրօն»ներու, ծախու գրչակներու եւ «վայ-մտաւորական»ներու կազմով, որոնք խելք ու խորհուրդ կը բաշխեն «խումարբազ»ներու Լաս-Վեկասէն, գող-աւազակներու, մաֆիոզներու բոյն Հոլիվուտէն, որպէս միասեռական ու «հալածուած» (մէկ խօսքով պորտաբոյծ), Եւրոպայի ներգաղթի ողորմութեան դիմած «թունդ» ազգասէրներու եւ խորհրդային օրերէն մինչեւ այսօր, «պայղուշ» բուի պէս միշտ չարաբաստիկ լուրեր հաղորդող, լաց ու կոծ, «Կիկոսի մահը» սարքող հայաստանցիներէն եւ «սուրբն-սրբոց» Հայաստանը տակն ու վրայ ընող, հայու արիւն թափող «ազգային նորածին հերոս»ներու շրջապատին կողմէ, որոնք պահ մը կարծեցին, թէ Հայաստան տէր չունի…:
Այսօր Գոլոմպոսի կամ Ամերիկօ Վեսփուչիի Ամերիկեան ցամաքամասը յայտնագործած չենք ըլլար երբ յայտնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կաշառակերութիւնը, թալանը, անարդարութիւնը մեծ չափերու հասած են, ինչպէս բազմապատիկ կերպով Ազրպէյճանի, Իրանի, Վրաստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, նոյնինքն Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Լատինական Ամերիկայի եւ ուր որ կը ցանկաք այս երկրագունդին վրայ…: Անշուշտ այս բոլորը չեն արդարացներ, թէ մեր Հայրենիքը, որ ստեղծման առաջին իսկ օրէն պատերազմներու եւ ներքին ըմբոստութիւններու մէջ է, մեծ մասամբ «դուրսէն» հրահրուած ու ֆինանսաւորուած, սակայն ոչ-ոքի իրաւունք կու տայ այս ծաւալով՝ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, անոնց հովանաւորները երջանկացնելու չափ Մայր Հայրենիքին դէմ այսպիսի քարոզչութիւն ծաւալէ:
Բ. աշխարհամարտին Խ. Միութեան մէջ ծաւալած քաղաքացիական պատերազմի, Սթալին-Փերիա եւ համակարգի ահ ու սարսափի օրերն իսկ արգելք չհանդիսացան, որ հայ ռազմիկները, շուրջ 300 000 զոհ եւ հաշմանդամ տալով, գետնին հաւասարցնեն «քայզըր» Վիլհելմի եւ Հիթլերի ոճրաբոյն, օսմանցիներու եւ Աթաթուրքի դաշնակից նացիական Գերմանիոյ Պերլինը:
Երջանկայիշատակ Գէորգ Չէօրէքճեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին Սթալին յոտնկայս դիմաւորեց, համաձայնեցաւ ներգաղթ կազմակերպել, Սուրբ Էջմիածինը վերադարձնել եւ աննման, յետագայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեանը Ռումանիայէն ուղարկել Յունաստան, կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրելու եւ ապա բազմեցնելու Սուրբ Էջմիածնի գահին վրայ:
1946-47 եւ մինչեւ 20-րդ դարու 60-ական թուականներու կազմակերպուած ներգաղթը, գործուած հսկայական սխալներով հանդերձ, պահեց-պահպանեց շուրջ 29 հազար քառ. քմ. տարածք ունեցող Խորհրդային Հայաստանը, որ հիմնուած էր 1826-ին Ռուսական ցարական զօրքին՝ թուրք-պարսկական ստրկատիրական իշխանութենէն ազատագրումէն ետք: Բազմաթիւ դժուարութիւններով Հայաստանը դարձաւ ճարտարարուեստի, լոյսի ու գիտութեան, արուեստներու ծաղկուն ոստան, շուրջ 4 միլիոնի հասցնելով բնակչութեան թիւը:
Ապա Խ. Միութեան եւ Խ. Հայաստանի կործանում, երկրաշարժ, արցախեան ազատամարտ, յաղթանակներ, Սփիւռք-Հայաստան բազմակողմանի եւ ուղղակի կապեր հաստատուեցան: Ազատ Անկախ Հայաստանը չէր կրնար գոյատեւել առանց հզօր պաշտպաններու, հետեւաբար Ռուսիոյ հետ պատմական դաշինքն ու ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը շարունակուեցաւ, մանաւանդ որ շուրջ 3 միլիոն հաշուող ռուսահայ գաղութը, իր խօսքն ու կշիռը ունեցած է միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին մէջ: Իսկ իր ծնունդին առաջին օրէն իսկ, աշխարհատարած Սփիւռքը հսկայական օգնութիւն տրամադրեց Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի վերակառուցման, որոնց մէկ մասը դժբախտաբար գնաց անխիղճ օլիկարխներուն դղեակները շէնցնելու, աւելի եւս սրելով դասակարգային անհաւասարութեան պայքարը, պատճառ դառնալով արտագաղթի, զանգուծային անգործութիւններու, թշնամանք սերմանելու եւ այլ տհաճ երեւոյթներու, որոնք 21-րդ դարու ծանօթ երեւոյթներ են՝ թերաճ թէ զարգացած երկիրներու մէջ, բոլոր ցամաքամասերու վրայ…:
Դժբախտաբար սակայն, հայ ժողովուրդը մեծ մասամբ «զօրավար»ներէ բաղկացած է, քաղաքական պայծա՜ռ մեկնաբաններէ եւ ինքնակոչ ղեկավարներէ, որոնք Ալեքսանդր Սարուխանի խօսքերով՝ «Վասն եօթն եւ կէսից յանցանց մերոց», կուրծք կը ծեծեն, վայնասուն կը բարձրացնեն, Պաքուի թէ Անգարայի, «Ալ-Ճեզիրէ»ի հեռատեսիլի կայաններէն ելոյթ կ’ունենան՝ պարսաւելով Հայաստանը եւ այնտեղի «բռնատիրական» կարգերը՝ մոռնալով, թէ իրենք նոյնինքն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի փառքի օրերուն, բազմաթիւ արժանի թէ անարժան պարգեւատրումներու, մրցանակներու արժանացան, կամ 2008 թ.-ի Մարտ 1-ի ահաւոր իրադարձութիւններուն, որպէս Արտաքին Գործոց նախարար, արդարացուցին ողբերգութիւնը «Սի-Էն-Էն»էն թէ այլուր: Խօսքը կը վերաբերի Վարդան Օսկանեանին, Արա Պապեանին, եւ այլոց: Նպատակը հիւանդագին է…:
Այժմ սլաքները ուղղուած են Արցախի շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, ուր պիտի որոշուի տարածաշրջանի ապագան՝ ամէն կարելի միջոցներով փորձելով, որ Կովկասը յանկարծ չբռնկի, համաշխարհային 3-րդ պատերազմի ահարկու վտանգներով…: