Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հարցազրոյց տուած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ելեկտրոնային թերթին:
«Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն համար նոր փուլ պիտի բացուի, եթէ Ազրպէյճանը յարգէ 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, Լեռնային Ղարաբաղը կրկին միանայ բանակցութիւններուն եւ յաղթահարուին հոգեբանական արգելքները, որոնք կու գան Ազրպէյճանի վրէժխնդիր քաղաքականութենէն», թերթի աշխատակիցին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը:
«Ազրպէյճանը պէտք է կարենայ հրաժարիլ ղարաբաղցիներու եւ հայերու հանդէպ իր ազգատեաց քաղաքականութենէն, իր անհեռանկար արկածախնդրութենէն եւ յանձն առնէ յարգելու միւս ժողովուրդներու հիմնական ազատութիւններն ու իրաւունքները», աւելցուցած է նախագահ Սահակեան:
Ղարաբաղի նախագահը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը որակած է՝ հայերու հանդէպ Ազրպէյճանի «հայատեաց գաղափարախօսութեան եւ իշխանութիւններու բռնապետութեան արդիւնք»:
Պատասխանելով փոխզիջումներու մասին հարցին, Բակօ Սահակեան յայտնած է, թէ որեւէ հակամարտութեան լուծում կրնայ իրականանալ միայն փոխզիջումներու միջոցով:
«Ողջամիտ, իրաւացի եւ համարժէք փոխզիջումները անհրաժեշտ են: Մենք պատրաստ ենք ընել փոխզիջումներ, եթէ անոնք չեն խաթարեր մեր երկրի անվտանգութիւնը, եթէ անոնք չեն հանդիսանար պատեհ առիթներ մեր հակառակորդի համար՝ մեր վրայ նոր յարձակումներ գործելու», -շեշտած է նախագահ Սահակեան:
Անդրադառնալով միջազգային հանրութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւններուն, նախագահ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Ղարաբաղի ճանաչման գործընթացը մօտ ապագային պիտի շարունակուի աւելի մեծ յաջողութեամբ՝ իր դրական հետեւանքները ունենալով Հարաւային Կովկասի կայունութեան վրայ:
«Օրինակա՞ն է արդեօք աշխարհագրական տարածքի մը վրայ խմբուած փոքրամասնութեան ինքնորոշման պահանջը» հարցումին՝ նախագահ Սահակեան պատասխանած է. «Ինքնորոշման պահանջի իրաւունք ունին բոլոր ժողովուրդները, ատիկա միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքերէն մէկն է: Բայց այդ իրաւունքը կը դառնայ հրամայական պարտականութիւն մը այն ժամանակ, երբ պետութիւնը, որուն միացուած է ան, չունի այլ ցանկութիւն, քան այդ ժողովուրդը ոչնչացնելը»: