Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրուած «Անուշաւան Աբրահամեան» Կրթական հիմնադրամը (ԱԱԿՀ)՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ քայլ մը եւս առաւ Հայաստանի շրջաններու երիտասարդութեան խոստմնալից ապագայի կերտման ճամբուն վրայ:
Արդարեւ, այս նոր նախաձեռնութեան իրականացումով հասանելի դարձան դասաւանդումը այնպիսի արհեստներու եւ մասնագիտութիւններու, որոնց շնորհիւ պատանիները պիտի կարենան աշխատանքի լաւ առիթներ ունենալ ապագային՝ չհեռանալով հայրենի քաղաքներէն ու գիւղերէն:
Հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաներու (տեղեկատուական արհեստագիտութեանց) ձեռնարկութիւններու միութեան (ԻՏՁՄ) հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան երկու ուսումնական հաստատութիւններու մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցան ճարտարագիտական աշխատանոցներ:
Նկատի առնելով այն փաստը, որ այս ծրագիրին միջոցով աշակերտները առիթ կ’ունենան ուսումնասիրելու համակարգչային ծրագրաւորման, եռաչափ տպագրութեան, մարդամեքենաներու նախագծման, ստեղծումին ու կառավարման ծալքերը, կարելի է ըսել, որ նոր դուռ բացուած է դէպի նոր ոլորտներ, որոնք հանրակրթական ուսումնական ծրագիրին մէջ չեն ներառնուած։
Այս մասնագիտութիւնները աշխատանքի առիթներ գտնելու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, քանի որ արդի արհեստագիտութեանց ոլորտը նոր մասնագէտներու մեծ պահանջ ունի:
Այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, ԱԱԿՀ արժանացաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան բարձր գնահատանքին:
Նաեւ, այս նախաձեռնութեան իր գործնական աջակցութիւնը ցուցաբերելու համար, նախարարութիւնը ստանձնեց նորաբաց աշխատանոցներուն համար բարձրորակ դասախօսներ ապահովելու պարտաւորութիւնը:
Առաջին աշխատանոցը՝ յագեցած եօթը համակարգիչներով, եռաչափ տպիչով, շառափային (ճառագայթային) հաստոցով եւ մարդամեքենաներու պատրաստութեան հաւաքածոյով, բացուեցաւ Արմաւիրի Ճարտարարուեստի մանկավարժական պետական դպրոցին մէջ: Բացման արարողութեան ներկայ էին Արմավիրի մարզպետարանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք եւս, կրթութեան ոլորտին մէջ ներդրած իր բարձր աւանդին համար, շնորհակալական պատուոգիր յանձնեցին ամերիկահայ բարերար Անուշաւան Աբրահամեանին:
Երկրորդ աշխատանոցը բացուեցաւ Մարալիկի Պետական արհեստագործական ուսումնարանին մէջ. հոն Շիրակի մարզի պատանիներուն համար ստեղծուեցաւ բացառիկ հնարաւորութիւն՝ զբաղելու տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ուսումնասիրութեամբ եւ հմտանալու ճարտարագիտական կրթութեան մէջ:
Արդէն իսկ Սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի սկսին առաջին դասընթացքները՝ նախատեսուած վեց տարբեր դասաժամերով: Դասընթացքները պիտի իրականացուին անվճար՝ ներգրաւելով ուսանողներու աւելի լայն շրջանակ: Աշխատանոցին մէջ ծաւալուելիք յետագայ դասընթացքները շարունակական կերպով պիտի քաջալերուին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, որովհետեւ այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը կը դիտուի իբրեւ մտային կարողութեան եւ ստեղծագործութեան համադրումի գերազանց օրինակ:
Անուշաւան Աբրահամեանի այս նախաձեռնութիւնը աննախադէպ յառաջդիմութիւն է Հայաստանի հանրային կրթութեան համար, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ առաջին ծրագիրը, որ գիւղական շրջաններու մէջ գտնուող մասնագիտական կրթական հաստատութիւններուն եւս հասանելի կը դարձնէ ճարտարագիտութեան ոլորտի նման ուսումնասիրութիւններ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aaefund.org կայքը, կամ կապ հաստատել ԱԱԿՀի հետ՝ info@aaef.org հասցէով:
(Թղթակցութիւնը՝ ԱԱԿՀէն)