Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Որպէս Պատասխան «Վայ-Քաղաքագէտ»ներու Եւ Սադրիչ «Ընդդիմադիր»ներու

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

«Սա կիկոսութիւն է՝ վտանգաւոր շահարկումներով, տարածքներ կարող է յանձնուին, բայց որ չյանձնեն»:

                                            Լ.Ղ.Հ. Նախագահի Խօսնակ Դաւիթ Պապայեան

Այս օրերուն, երբ բարձրագոյն մակարդակի վրայ, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ, Արցախի եւ Հայաստանի կարեւորագոյն հարցերը կը քննարկուին Մոսկուայի, Երեւանի, Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ, մեր ժողովուրդի «վայ կիկոս»ները լաց ու կոծ, «սուգ ու շիւան» բարձրացուցած են, անպատմելի հայհոյեանքներով համեմուած Ռուսիոյ թէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ (Թուրքիա եւ Ազրպէյճանը զանց ընելով…), կուրծք ծեծելով, թէ Արցախի հողերը պիտի յանձնուին, ահաւոր պատերազմներ պիտի ըլլան, երկրագունդը պիտի կործանի եւ Հայաստանը 2-րդ ջրհեղեղին տակ պիտի մնայ…: Վա՜յ մեզի:

Հրահրուած հակա-ռուսական մոլուցքը, Հայաստանի ապականած «օլիկարխիկ» համակարգին, կաշառակերութեան թէ ալան-թալանին դէմ փոխանակ ուղղուելու եւ փորձելու լուծումներ գտնելու այդ յոռի երեւոյթները սրբագրելու, ուղղուած է նախագահ Փութինի (որ շուարած է թէ ո՞ր մէկ ճակատի վրայ պայքարի…) եւ իբր թէ անոր «դրածոյ» նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ: Այժմ, սլաքները ուղղուած են Արցախի ղեկավարութեան, որոնք միայն վերջերս կանգնեցուցին ու ետ շպրտեցին Ազրպէյճանի անարգ  յարձակումը, յանձինս զօրավարՎիթալի Պալասանեանի, նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հայազգի անմահ հերոսներու, որոնք նահատակուեցան, գլխատուեցան, բայց քարուքանդ ըրին նաեւ ազերի հրասայլերն ու սահմանամերձ աւանները:

-«Ո՞վ տարածք կը յանձնէ, ի՞նչ տարածք կը յանձնեն: Այդ բոլորը շահարկումներ են: Ընդհանրապէս տարածքներու խնդիր, ի հարկէ, գոյութիւն ունի, բայց այդ միակողմանի չէ, եւ դժբախտաբար Ազրպէյճանին  յաջողած է այդ հարցն այնքան շահարկել, որ մենք կարծես այդ խայծը կուլ տուած ենք եւ իրար կ’ուտենք չեղած տեղը:

Կիկոսի պատմութիւն դարձած է: Տարածքներ կրնան յանձնուիլ, բայց որ չյանձնեն…:

Այս ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ կիկոսութիւն վտանգաւոր շահարկումներով լի, հայութեան միասնականութիւնը խարխլող… ի՞նչ է մենք տարածքային խնդիր չունի՞նք Ազրպէճանի հետ: Շահումեանի շրջանը, Գետաշէնը, Չարտախլուն, ամբողջ հիւսիսային Արցախը: Այդ տարածքները 15-20 հազար քառակուսի քիլոմեթր կը կազմէին», Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տրուած հարցազրոյցի ըթացքին կը յայտնէ Լ.Ղ. Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:

Հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրուած ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի պատմական խօսքերը կը մէջբերենք, 100 տարի առաջ ըսուած. «Ռուսին մեզի թշնամի մի՛ դարձնէք…»:

Այո, մենք շրջափակման մէջ ենք՝ Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք, որ այսօրուան Հայաստանը եւ Արցախը ազատագրուած են ռուսական զօրքերու կողմէ՝ 1795-ին եւ 1826 թուականներուն…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին