Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

«Լինել Առաջինը, Լինել Լաւագոյնը» ՌԱԿ-ի «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժման Աշխոյժ Եւ Կայտառ Կիրակնօրեան

Երէկ՝ Կիրակի, 14 Օգոստոս 2016-ին, Երեւանի մէջ ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հանդիպումը կայացաւ՝ Երեւանի «Տինամօ» մարզադաշտէն ներս: Այս Կիրակիի ծրագիրը նուիրուած էր ժամանցային եւ մարզական խաղերու: «Միրաք»ի անդամ պատանի-ուսանողները մրցակցութեան բարձր ոգիով եւ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան՝ «Միրաք» յանձնախումբի կազմակերպած խաղերուն, անցնելով ընկերային աշխոյժ եւ հաճելի Կիրակի մը:

2

 

Այս Կիրակի «Միրաք»ի ծրագիրին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ, վերջերս աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր եւ ՌԱԿ-ի Մամլոյ Դիւանի ատենապետ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: «Միրաք»ի պատանի-ուսանողները Ընկ. Սեւակին համար յատուկ պատրաստուած պաստառով մը բարի գալուստ մաղթեցին իրեն եւ հետաքրքրութիւն յայտնեցին, եկող շաբաթ անոր հետ առանձին զրոյց մը ունենալու՝ ՌԱԿ-ի եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան մամուլի շուրջ:

3

«Միրաք»ի  4-րդ հանդիպման աւարտին, անդամներն ու ծնողները իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը  յայտնեցին՝  նման պատեհութեան  ստեղծման համար, ուր ամէն Կիրակի առիթը կ’ունենան օգտաշատ թեմաներով եւ ժամանցով  հարստացնելու իրենց Կիրակին:

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին