Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016»-ին Հայաստանը Զուգերգով Պիտի Ներկայանայ

«Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Հանրային հեռուստաընկերութիւնը։

Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը` ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք:

13-ամեայ Անահիտ Ադամեանը ծնած է Սոչի, մանկութենէն կը սիրէ երգել, իսկ երաժշտական առաջին մասնագիտական քայլերը սկսած է 2013-ին, ուսանած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Իսկ Մերի Վարդանեանը, որ նոյնպէս 13 տարեկան է, ծնած է Գեղարքունիքի Վարդենիս քաղաքին մէջ: Երաժշտութեան մէջ առաջին լուրջ քայլերը սկսած է 2011 թուականին եւ սկսած է ուսանիլ «Էմի-բի» ընկերութեան «Տո-ռե-մի» վոկալ դպրոցին մէջ:

Մրցութային երգը պիտի ներկայացուի աշնան սկիզբը:

Հայաստանը «Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին կը մասնակցի  2007 թուականէն ի վեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին