Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Հայկական Գծագրուած Կտաւներու Նուիրուած Դասախօսութիւն «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանին Մէջ

Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոս 20-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Արուեստի այս իւրայատուկ ոլորտի մասնագէտ Պերճ Աշճեան պիտի խօսի ընդհանրապէս Հնդկաստանի մէջ տարածուած այս կտաւներուն մասին, որոնց հայկական տարբերակները իրենց մէջ կը պարունակեն Հայց. եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ իշխաններու եւ հարուստ առեւտրականներու ընտանիքներու պատմութեանց տուեալներ։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ տան» «Շին» մատուրին մէջ. հասցէ՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (747) 500-7545 թիւին կամ Ararat-eskijian-museum@netzero.net հասցէին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին