Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռիօ Տէ Ժանեյրոյի Մէջ Ողիմպիական Խաղերուն Հայաստանը Ներկայացնող Մարզիկներուն Հետ Հանդիպեցաւ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրազիլ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ուղեկցութեամբ, Ռիօ Տէ Ժանեյրոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն հետ: Նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ հայ մարզիկները պիտի ունենան յաջողութիւններ եւ յիշեցուց, որ այդ յաջողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդին աւելի ճանաչելի կը դարձնեն: Սարգսեան շեշտեց, որ հայ մարզիկները կը մրցին այլ՝ աւելի մեծ ազգերու ընտրեալներուն հետ, որոնք իրենց սեփական երկիրներուն մէջ հազարաւոր մրցակիցներ ունին, եւ այդ հանգամանքէն մեկնելով է, որ հայ մարզիկի ձեռքբերումը աւելի կ’արժեւորուի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին