*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հազուադէպ քայլով մը, Լիբանանի նախարարութեան մը ընդհանուր տնօրէնը վերջերս մերժած է ստորագրել, իր նախարարութեան մէջ աշխատող տասնեակ մը պաշտօնեաներուն աշխատանքային նիւթական պարգեւի վերաբերող հրամանագիր մը՝ յայտարարելով, որ անոնք արժանի չեն անոր, մինչ իրապէս արժանաւոր պաշտօնեաներ զրկուած կը մնան նմանօրինակ վարձատրութենէ…:
Փտածութեան գագաթնակէտին հասած Լիբանանի մէջ, երեւոյթ մը կը համարուի եղածը, որ որպէս օրինակ պէտք է ծառայէ բոլոր պետական հաստատութիւններուն՝ պետական գանձին խնայելով հսկայական գումարներ, մինչ երկիրը խեղդուած է պարտքերու եւ անոնց տոկոսներուն տակ…:
Այս առիթով յիշեցի ատենին Լիբանանի պետական հեռատեսիլին (Tele Liban) հետ կապուած, որքան ծիծաղելի այնքան ցաւալի պարագան, անոր վերականգնումի գործընթացի միջոցին, նախկին պաշտօնեաներու գործէ արձակման ընթացքին՝ տասնեակ տարիներէ արդէն երկրէն գաղթած պաշտօնեաներ, իրենց տասնեակ միլիոններու հասնող թոշակները անիրաւաբար գանձեցին… մինչեւ վճարումի օրը, ներառեալ անոնց ճանապարհածախսը այն տասնեակ տարիներուն, որոնց ընթացքին անոնք գործի ալ չէին եկած…:
Եթէ օրին տուեալ պատասխանատուն մերժէր ստորագրել անոնց անտրամաբանական հաշուեկշիռը, ես վստահ եմ այսօր Լիբանանի մէջ շատ աւելի լաւ, արդիական ու զարգացած Հեռատեսիլի պետական կայան մը (Tele Liban) կ’ունենայինք…: