Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսայի Եւ Զուիցերիոյ ՄԷջ Կամերային Նուագախումբը Կոմիտաս Կատարած Է

Յուլիս 29-էն Օգոստոս 2 կայացած են Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբի եւրոպական հիւրախաղերը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:

Նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ, հինգ փառատօնի ծիրէն ներս, համերգներով հանդէս եկած է` Յուլիս 29-ին, 31-ին,Օգոստոս 1-ին, 2-ին` Ֆրանսայի  շարք մը քաղաքներու մէջ եւ Յուլիս 30-ին` Զուիցերիոյ մէջ, ցուցաբերելով կատարողական բարձր վարպետութիւն` արժանանալով հանդիսատեսի ու երաժշտասէրներու ջերմ ընդունելութեան:

Համերգներուն ընթացքին նուագախումբի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեանի կատարմամբ հնչած են հայ եւ արտասահմանեան երգահաններու, ներառեալ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին