Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայերը Վախի Մէջ Կ’ապրին Թուրքիոյ Պետական Յեղաշրջման Փորձէն Ետք. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ Յուլիս 15-ին հարցազրոյց մը կատարած է Tert.am-ը, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձի տապալումէն ետք տիրող իրավիճակին մասին:

Փայլան ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները եւ ընդդիմադիր համարուող մարդիկ վախի մէջ կ’ապրին, քանի որ կը հալածուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ան յիշած է օրինակը Պոլսոյ քաղաքապետարանի Արուեստի ու մասնագիտական կրթութեան կեդրոնին մէջ դասաւանդող հայազգի Արի Հերկելին, որ պաշտօնազրկուած էր վերջերս՝ Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:

«Այս մթնոլորտին մէջ հայերը բնականաբար վախով կ’ապրին», ըսած է Փայլան:

Ան նշած է, թէ իր կուսակցութեան ղեկավարութիւնը քանի մը անգամ փորձած է կապ հաստատել Էրտողանի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ, բայց Էրտողան մերժած է քրտամէտ կուսակցութեան հետ հանդիպիլ: «Այս կը նշանակէ, թէ անոնք (իշխանութիւնները) դասեր չեն քաղած յեղաշրջման փորձէն», -աւելցուցած է ան:

«Իշխանութեանց այս մօտեցումը ապագային նկատմամբ յուսատու չէ, որովհետեւ թուրքերը լաւ յարաբերութիւններու մէջ չեն հայերու, քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ։ Այս կը նշանակէ, թէ ազգայնական եւ Էրտողանի բռնատիրական մօտեցումը տիրապետող պիտի ըլլայ պետութեան մէջ», -ըսած է Փայլան:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ դատարանը տակաւին չէ պատասխանած թուրք ազգայնամոլներուն դէմ իր բացած դատին կապակցութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, ազգայնամոլները ցոյց կազմակերպած էին Պոլսոյ մօտ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց՝ պոռալով. «Լաւագոյն հայը մեռա՛ծ հայն է»:

Պատասխանելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը՝ Փայլան ըսած է, որ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը բարելաւէ, որպէսզի Արեւմուտքին ցոյց տայ, թէ ունի այլընտրանքներ, յատկապէս այն միջոցին, երբ Էրտողան Արեւմուտքի մէջ անբաղձալի տարր մը դարձած է։

Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, թէ Փայլան պոլսահայ այլախոհ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը առանց հիմնաւորումի գրաւելու փաստին առընչութեամբ գրաւոր դիմում ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան:

Պաղտատի անձնագիրը գրաւուած էր անոր Պոլիս վերադարձին, Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին