Չնայած որոշ դժուարութիւններու` Թուրքիոյ շուկային մէջ պահանջարկ կայ, եւ աշխատիլ հնարաւոր է: Այս մասին News.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է թրքական Ararat Jewellery ընկերութեան ղեկավար, հայ Էրճան Քարապեքմեզը:
Նախապէս անոր ընկերութիւնը ունեցած է այլ անուն, յետոյ, սակայն, որոշած է զայն վերանուանել: Ի դէպ, թրքական իշխանութիւնները արհեստական դժուարութիւններ չեն ստեղծած անոր համար:
«Բնաւ դժուարութիւն չեղաւ: Տարբեր-տարբեր ընկերութիւններ կան Թուրքիոյ մէջ, որ այդ անունը կը գործածեն: Թուրքերը անգամ կը գործածեն, տեսած եմ»,- նշած է Քարապեքմեզը:
Ընկերութիւնը իր զարդեղէնը կը վաճառէ մասնաւորապէս Թուրքիոյ մէջ: Նախորդ տարիներուն համեմատ` պահանջարկը քիչ մը նուազած է, բայց այնպիսի մեծ երկրի մէջ, ինչպէս Թուրքիան, որոշ պահանջարկ, բնականաբար, կայ, նշած է վարպետը:
«Աշխարհը դժուարութիւն կը քաշէ, Թուրքիոյ մէջ ալ դժուար է: Բայց Պոլսոյ մէջ 20 միլիոն մարդ կայ, Թուրքիան ալ մեծ պետութիւն է, ատոր համար առեւտուր կայ»,- ըսած է ոսկերիչը:
Անցեալ տարի ան այցելած է Yerevan Show 2015 ամենամեայ միջազգային ոսկերչական ցուցահանդէսին. շատ ուզած է տեսնել Հայաստանը 10 տարի յետոյ:
«Հոստեղի շուկային ադքան ծանօթ չենք, մեզի համար կարեւոր է` Հայաստան տեսնենք, նոր մարդերու հետ ծանօթանանք: Հոստեղ լաւ ոսկերչութիւն կայ, մինակ քիչ մը լաւացնել պէտք է, քիչ մըն ալ ծանուցում ընել պէտք է»,- աւելցուցած է Քարափեքմեզը: