*Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Ազգային արժանապատուութիւնն է ազգի մը ազատութեան ու գոյատեւումին գրաւականը: Եթէ ծառը չհաւատայ, որ ինքը ծառ է, տերեւաթափ կ’ըլլայ: Եթէ հայը չհաւատայ, որ ինք հայ է՝ կ’օտարանայ:
Նորայր Ադալեան
2016 թուի Փետր. 15-ին եւ Յունիսի սկիզբը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիրաքարանի ընդհ. Տեղապահ Արք. Արամ Աթէշեան արձանագրեց երկու խիստ ծանրակշիռ սայթաքումներ, նախ՝ ազգութեան հասկացութիւնը շփոթելով կրօնի հասկացութեան հետ, եւ ապա դասալիք ըլլալով Հայոց Արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իր Առաջնորդի պարտաւորութենէն…: Ծանրակշիռ այս ստրկամիտ ու պարտուողական սայթաքումները Առաջնորդ Տեղապահը գործեց՝ Հրանդ Տինքի նահատակութեան յաջորդող Պոլսոյ մէջ, որ հինը չէր այլեւս, եւ համայն Թուրքիոյ հետ կ’ապրէր տեղաշարժային օրեր, ֆաշական իշխանութեանց դէմ բողոքի եւ հրապարակային ծառացումներու օրեր, եւ այս յեղաշրջական ընդհանուր պաստառին վրայ՝ իրենց նորահաստատ դիրքերը կը գրաւէին՝ «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդներն ու իրենց հայկական արմատներուն վերադառնալու վճռակամութիւնը յայտնող իսլամացուած եւ իսլամացած արեւմտահայերու յանդուգն յառաջապահները, եւ մասնաւորաբար ՝ թուրքիացի (թիւրքէիլի) խիզախ քիւրտերն ու թուրքերը, որոնք հրապարակաւ կը ճանչնային Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հարիւր հազարներով մասնակցելով՝ Հրանդ Տինքի թափօրին եւ միւս ցոյցերուն…:
Պունտեսթակի Ճանաչումը
2016 թ. Յունիսի 2-ին, Գերմանիոյ Պունտեսթակը գրեթէ միաձայնութեամբ (միայն 1 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ), կը ճանչնայ ոչ միայն Հայոց, այլեւ ուրիշ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց Ցեղասպանութեան փաստը, միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ ձեռնպահութեան պատասխանատուութիւնը: Միաձայնութիւնը՝ երկու իշխանամէտ կուսակցութիւններու՝ Քրիստոնեայ դեմոկրատական (CDU) եւ Սոցիալ դեմոկրատներ (PSD) եւ մէկ ընդդիմադիր՝ Կանաչներու կուսակցութեան միջեւ, այս վերջինին ընդհ. Քարտուղարը ըլլալով թուրք մը՝ Ճեմ Էօզտեմիր (Cem Ozdemir), համայն Գերմանիոյ ժողովուրդին անունով:
Թուրքիոյ ատենի դաշնակից Գերմանիոյ ճանաչումը, իր ալ պատասխանատուութեան հետ միասին, համազօր է իրեն դաշնակից՝ նաեւ Թուրքիոյ ճանաչումին…: Որուն միւս դաշնակիցը՝ Աւստրիան ալ արդէն ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը Երիտթուրքերու ձեռամբ… անցեալ տարի:
Գերմանիոյ այս ճանաչումը ինքնաբուխ է եւ ազատ, քանի որ մենք չունէինք այն հզօր միջազգային լրատուական ցանցը, որ ճնշած ըլլար Գերմանիոյ վրայ…: Ընդհակառակը՝ Գերմանիա ականջ չտուաւ իր երէկի դաշնակիցին ճնշումներուն, այլ ականջ տուաւ իր խղճմտանքի ձայնին, եւ առիթ մը նկատեց՝ իր եւս պատասխանատուութեան համար անուղղակի ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն: Այս խղճմտանքի ձայնը գոյութիւն ունէր արդէն առաջին օրէն՝ ոչ միայն իր շարք մը դեսպաններուն եւ պատմաբաններուն մօտ, այլեւ իր արդարադատութեան մարմիններուն մօտ՝ երբ 2 Յունիս 1921 թուականին, ճիշդ ու ճշդ 95 տարիներ առաջ Պունտեսթակի որոշումէն (2/6/2016), գերմանական դատարանը ազատ արձակեց վրիժառու հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանը՝ երիտթուրք ու սիոնական ճիւաղ Թալիաթը ահաբեկողը…:
Պատմական այս ճանաչումը յստակ եւ հսկայ տեղաշարժ մըն էր՝ Գերմանիոյ 100-ամեայ վարանումին մէջ, որ կը նշանակէ, թէ այսօր ողջ երկրագունդը կ’ապրի փոխանցումի շրջան մը՝ Արեւմուտքի պարտադրած միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, ազդարարելով Արեւմուտքի մայրամուտը: Արեւմուտք, որուն նեցուկին շնորհիւ Թուրքիան կրցաւ գործել զոյգ ոճիրներ՝ զանգուածային տեղահանութիւն ու ցեղասպանութիւն:
Այս տեղաշարժին ու պատմական փոփոխութեան փաստերէն են՝ ռուս-գերմանական ուժանիւթի օգտագործումի առանցքը՝ «Հիւսիսային Հոսք»ի ծրագիրին, եւ միւս կողմէ՝ Բրիտանիոյ անջատումը Եւրոմիութենէն…, որ տարանջատումի դուռը լայն բացաւ Եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներուն առջեւ, մինչեւ անգամ՝ Սլովաքիոյ:
Եւ այս փոփոխութեան պատմական պահուն, պատրիարքական հայանուն Տեղապահը՝ ստրկամտօրէն կը ստորագրէ թշնամիին պատրաստած աղուէսագիտական թրքաբարոյ նամակը՝ սուլթան Էրտողանին…:
Այս թրքատիպ նամակը՝ Սուլթան Էրտողան Ա.-ին ուղղուած, դատապարտում մըն էր Արք. Արամ Աթէշեանին դէմ, միաժամանակ դատապարտագիր մը՝ թուրք ֆաշական իշխանութեանց դէմ, անոր գործադրած բռնութեան պատճառով: Բռնատէր եւ ստրուկ՝ հաւասարապէս մերկացուած են այս կեղծ նամակով, որուն հեղինակը Էրտողանն է եւ զայն միայն ստորագրողը՝ Տեղապահը, որ դասալիք եղած է իր Աաջնորդի դիրքէն, ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը, գլուխ ծռելով ջարդարար ու զաւթիչ թշնամիին առջեւ…: Ուոլթըմ Սքոթթ ըսած է. «Միայն չարը կը վախնայ միւս չարերէն»… բարին եւ առաքինին չի վախնար չար բռնատէրէն, այլ կը դիմադրէ անոր: Առաջնորդի յաւակնութիւն ունեցող անձին միտքը՝ սիրտին, եւ սիրտն ալ՝ միտքին մէջ պէտք է ըլլայ, որպէսզի ընդդիմանայ իր հետեւորդներու կեանքին ու արժանապատուութեան սպառնացող բռնատէրին: Վախկոտը չի կրնար Առաջնորդ մը ըլլալ…: Եւ եթէ այս ստրկական արարքը գործեց Տեղապահը, Պատրիարքի Աթոռի տիրանալու համար… բռնատիրոջ միջամտութեամբ, վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, որուն նեցուկը կորսնցուց Տեղապահը իր այս արարքով, որովհետեւ Պոլիսը եւ պոլսահայութիւնը հինը չեն այլեւս: Փոխուած են Պոլիսն ու պոլսահայութիւնը: Փոխուած են նաեւ ժամանակները: Տեղապահը իր ստորագրած նամակին մէջ կը խօսի «Ազգ»ին անունով, մինչդեռ ինք այլեւս չի ներկայացներ Արեւմտահայութիւնը Թուրքիոյ մէջ՝ իր այս եւ միւս երկրորդ սայթաքումով: Ան 18-րդ դարու եւ 19-րդ դարու առաջին կէսին պատրիարքներուն նման (որոնցմէ մին յորջորջուած էր Ճհեննէմ մերիվանը…), դարձած է Սուլթան Էրտողանի վեքիլը հայ ազգին (Միլլէթին) մօտ, փոխանակ ըլլալու հայ ազգին վեքելը՝ Սուլթանի մօտ…: Եւ երբ ծանօթանաք ստրկական նամակի բովանդակութեան կը տեսնէք, որ Տեղապահը Գերմանիոյ հետ անգամ խօսած է սուլթան Էրտողանի բառերով եւ անոր փոխարէն…:
Լոկ կրօնական պատկանելիութիւնը տակաւի ազգային պատկանելիութիւն չէ
2016 թ. Փետրուարի 15-ին, վարդանանց Տօնին առիթով՝ Պոլսոյ «Վադանանց երգչախումբ»ի հիմնադրութեան 83-րդ տարեդարձի հանդիսութեան ընթացքին, Տեղապահը շօշափած է «հայկական ինքնութիւնը» թեման եւ խիստ բացասական կեցուածք արտայայտած իսլամացուած ու իսլամացած արեւմտահայերու եւ մասնաւորաբար՝ համշէնահայերու նկատմամբ, կրօնը շփոթելով ազգութեան հետ՝ նոյնացնելով այս երկու իրարմէ հիմնովին տարբեր հասկացութիւնները, մերժելով ընդունիլ հայութեան պատկանելիութիւնը անոնց, որոնք կը խուսափին մկրտուելէ հայոց եկեղեցւոյ մէջ:
Այդ խուսափումը սակայն չունի մերժողական բնոյթ, այլ պարզապէս կանխազգուշական է՝ երկիրին իսլամական մոլեռանդութեան տակաւ տարածման պայմաններուն մէջ, Սուլթան Էրտողան Ա.-ի բռնութեան ներքեւ: Եւ Հայոց եկեղեցւոյ մէջ չմկրտուած անձ մը, որ «Ես հայ եմ» կ’ըսէ, կրնայ Հայութեան ծառայել շատ աւելի մեծ օգտակարութեամբ եւ հետեւողականութեամբ քան՝ մկրտեալ հայերու մեծ բանակ մը:
Կրօնական ինքնութիւնը հիմնովին տարբեր է ազգային ինքնութենէն, եւ կրնան գոյութիւն ունենալ ոչ միայն հայ առաքելականներ, հայ կաթողիկէներ եւ հայ աւետարանականներ ու հայ հեթանոսներ, հայ պուտտայականներ եւ հայաստանապաշտներ ու բազմագոյն հայ աղանդաւորականներ, որոնք հայ են ազգութեամբ եւ ոչ թէ կրօնական կամ դաւանական պատկանելիութեամբ:
Իսլամի կրօնը կը ճշդէ անոր կրօնական պատկանելիութիւնը եւ ոչ թէ ազգային պատկանելիութիւնը ու միայն փանթուրքիստներն են, որ իսլամական պատկանելիութիւնը նոյնացուցած են թուրք ազգային պատկանելիութեան հետ, թրքացնելու համար բոլոր ոչ–թուրք իսլամները: Իսլամի կրօնքը՝ ինչպէս տիեզերական միւս բոլոր կրօններն ու գաղափարախօսութիւնները եւ փիլիսոփայական դպրոցները, չունին ազգութիւն, այլ համաշխարհային են ու համամարդկայնական: Տուեալ ժողովուրդի մը ազգային ինքնութիւնը չեն սահմանափակեր անոր դաւանած կրօնքով կամ գաղափարախօսութեամբ ու աշխարհայեացքով կամ փիլիսոփայական դպրոցով: Յուդայական կրօնին պատկանելիութիւնը բնաւ չի նշանակեր՝ «հրեայ ազգութեան» պատկանելիութիւն, որովհետեւ «հրեայ ազգութիւն» գոյութիւն չունի, իսլամ ազգութիւն գոյութիւն չունի, քրոստոնեայ ազգութիւն գոյութիւն չունի, դրամատիրական, սոցիալիստական, կոմունիստական, ֆաշական, ցեղապաշտական, սատանայապաշտական, իդէապաշտական, մատերիապաշտական, ոչնչապաշտական, ակնոսապաշտական, պուտտայական, աղնադաւորական, մասոնական, սիոնական, փանթուրքիստական ազգութիւններ գոյութիւն չունին, որովհետեւ գոյութիւն ունին ամենազգի սիոնիստներ եւ հակասիոնիստներ, փանթուրքիստներ եւ հակափանթուրքիստներ, կոմունիստներ եւ հակակոմունիստներ, ազատականներ եւ հակաազատականներ, մասոնականներ եւ հակամասոնականներ ու Թուրքիոյ բոլոր իսլամները՝ թուրք ազգայնականներ չեն, եւ Իսրայէլի բոլոր յուդայականները սիոնականներ կամ հրեայ ազգայնականներ չեն, որովհետեւ չկայ իսլամ ազգայնականութիւն, եւ չկայ յուդայական ազգայնականութիւն, որ միայն սիոնական առասպել մըն է, որովհետեւ կան հակասիոնական յուդայականներ, որոնք ունին իրենց յուդայական կազմակերպութիւնն ու խախամները, որոնք կրօնական կեդրոնական մարմին մը ունին, որ կը կոչուի Նաթուրի Քարթա (Naturea Carta, Քաղաքի Պահակներ), որոնք կ’ըսեն, թէ այս Իսրայէլ պետութիւնը իրենց պետութիւնը չէ, քանի որ իրենց Մեսիան տակաւին չեկաւ, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ Եհովայի իրենց խոստացած «Աւետեաց Երկրին»… եւ Թէլ Ավիվի համալսարանի պատմութեան ամպիոնի հրեայ դասախօսը 2008 թուականին, վաւերագրական փաստաթուղթերով հարուստ հատոր մը հրատարակեց Փարիզի մէջ, Ֆայարտ հրատարակչատունէն, որուն խորագիրն է «Ինչպէ՞ս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը»։ Փրոֆ. Շլօմօ Սանտ (Shlomo Sand) կը փաստէ, որ գոյութիւն չունի հրեայ ժողովուրդ եւ հրեայ ազգութիւն… այլ միայն հրէական յուդայական կրօնք…: Այսինքն՝ յուդայական կրօնքին պատկանելիութիւնը լոկ կրօնական, ոչ ազգային պատկանելիութիւն է եւ սիոնականներու հնարած «հրեայ ազգութիւնը» առասպել մըն է պարզապէս: Եւ քանի որ իսլամը լոկ կրօնական ինքնութիւն է, ուրեմն Թուրքիոյ բոլոր իսլամները թուրք չեն ազգութեամբ:
Մինչդեռ Արամ Արք. Աթէշեան ըսած է այս բոլորին հակառակը, թէ «Հայը կրօնքէն անքակտելի ամբողջութիւն մըն է: Եթէ կ’ուզես հայ ըլլալ, կ’երթաս կը մկրտուիս Հայոց Եկեղեցւոյ անդամը կ’ըլլաս նախ, եւ միայն այդ ժամանակ կրնաս ըսել «ես հայ եմ»: Երբ համշէնցին կ’ըսէ «Ես հայ եմ, եւ հայերէն կը խօսիմ եւ այսքանը հէրիք է» բաւական չէ: Մեր կրօնը այդչափ աժանագին չէ»: Ուրեմն ըստ Տեղապահին, Հայոց եկեղեցւոյ անդամը միայն կրնայ հայ ըլլալ… իսկ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ անաստուած հայերը՝ հայ չե՞ն… որոնց թիւը տակաւ կ’աւելնայ:
Ազգային ինքնութեան միակ տարրը՝ Հայոց եկեղեցւոյ պատկանի՞լն է արդեօք: Իսկ Հայոց Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան միակ ցուցանիշը մկրտութի՞ւնն է արդեօք: Ազգային ինքնութիւնը հաստատող ուրիշ տարրեր չկա՞ն արդեօք: Քանի՜ հազար մարդիկ իրենց մանկութեան եւ ոչ իրենց գիտակից որոշումով ու իրենց ծնողաց որոշումով մկրտուած են ակամայ, բայց յետոյ հեռացած են, օտարացած են հայութենէ, քանի որ իրենց հասուն տարիքին չէ, որ մկրտուած են… իրենց ազատ ու գիտակից որոշումին ընտրանքը չէ եղած մկրտութիւնը: Եւ ոչ միայն անաստուածեան հարիւր հազարաւոր սովետահայերն ու տարագիր արեւմտահայերը, այլեւ աւետարանականներ, որոնք չեն հաւատար մկրտութեան՝ մեր Թոնտրակեցիներուն նման, հայեր չե՞ն արդեօք: Բայց ասոնք կ’ընդունին, որ հայոց եկեղեցին ազգային եկեղեցի մըն է՝ նման Անկլիքան եւ Լուտերական եկեղեցիներուն, եւ կը պաշտպանեն հայոց եկեղեցին, օտար աղանդաւորական ծածկագիրական շարժումներուն դէմ, որոնք այսօր ներխուժած են Հայաստան, եւ որոնք արգիլուած էին ՝ Սովետական Հայաստանի անաստուածեան պետութեան կողմէ, որ կը պահպանէր Էջմիածինը, որպէս հոգեւոր՝ ոչ քաղաքական կեդրոն…:
Հայ ազգային ինքնութիւնը կազմող տարրերը բազմաթիւ են ու բազմատեսակ, եւ ոչ թէ՝ բացառապէս մկրտութիւնը, որմէ ոչինչ կը հասկնայ մկրտուողը…: Պատմամշակութային բազմաթիւ տարրեր, նաեւ կենցաղային տարրը կը կազմեն ազգային ինքնութիւնը եւ որոնք աւելի շօշափելի են ու աւելի երկարատեւ, քան մկրտութեան կարճատեւ թատրոնը…, որ սակայն եկամտաբեր է կղերականութեան համար: Տակաւին Տեղապահը շատ աւելի ծիծաղելի հարց մը կը դնէ համշէնցիներուն՝ ըսելով, «Որո՞ւ արիւնը կը կրես դուն…»: Իսկ մենք հարց կու տաք Տեղապահին՝ «Մկրտութեա՞մբ կը հաստատուի մկրտուողի հայկական արիւնը… կամ անոր արիւնին հայկականութիւնը…», կամ «Մկրտութեամբ օտարին արիւնը հայկականի՞ կը վերածուի արդեօք…»: Բայց Տեղապահը չի՞ գիտեր արդեօք, որ զուտ ազգային արիւն ունեցող ժողովուրդ չէ մնացած այսօր՝ երկրագունտի երեսին…:
Այսօր՝ համատեղ լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան եւ կենցաղի տարրերն են, որ կը կազմեն ազգային ինքնութիւնը: Եւ համշէնցիները կը լրացնեն այս բոլոր տարրերը՝ կրօնական տարրին մէկ մասին հետ միասին:
Համշէնահայ մարդաբանը՝ Մահիր Էօզքան (Մհեր Ազնուարիւն), այսօր կը կազմէ ժողովածու մը՝ համշէնահայերու մշակոյթին՝ լեզուին, աղօթքներուն, հեքիաթներուն, դամբանականներուն, խաղիկներուն, սրամտութիւններուն, անեքթոտներուն եւ առակներուն, որոնց մէջ ան գրած է բազմաթիւ հայկական տարրեր: Ան կ’ըսէ՝ «Այս բոլորին մէջ կան նաեւ նախաքրիստոնէական ժամանակներէն վերապրած հեթանոսական աւանդութիւններ եւ տարրեր, ինչպէս Վարդավառը եւ Արեւագալը, որոնք կան նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն մէջ: Եւ համշէնահայերու մէջ կը շարունակուին պահպանուիլ այդ տարրերը: Համշէնահայերու լեզուն ոչ թրքերէն է եւ ոչ ալ մաքուր հայերէն, բայց կը հանդիսանայ հայերէնի բարբառներէն մին: Օրինակ՝ Աստուած բառը եղած է Ասպած: Եւ ամէնէն հետաքրքրականը ու կարեւորը այն է, որ համշէնցիները ունին թէ Սեւ Ասպած, թէ Ճերմակ Ասպած եւ երբ շատ նեղը մնան կը դիմեն Ճերմակ Ասպածին, որ իրենց յատուկ եւ հարազատ Աստուածը կը նկատեն, զանազանուելով միւս իսլամներէն…»:
Եւ այս իւրայատուկ մշակոյթը՝ համշէնահայերուն, շարունակուած է դարերով՝ դիմանալով ժամանակին:
Արդ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ՝ մեր ազգային գերագոյն շահերէն մեկնած, մեր կեցուածքը համշէնահայերու եւ ընդհանրապէս իսլամացուած ու իսլամացած հայերու իրենց հայկական ակունքներուն վերադառնալու այս զարթօնքին նկատմամբ, եթէ ոչ գրկաբաց ընդունիլ զանոնք եւ գուրգուրալ անոնց վրայ, երբ անոնց թիւը շատ մեծ է եւ՝ Ալվրցեանի գնահատումով կը հասնի մինչեւ չորս միլիոնի սահմանները:
Արամ Արք. Աթէշեան պէտք է հրաժարի եկամտաբեր Մկրտութեան արգելքէն, եւ գրկաբաց ընդունի զանոնք՝ երբ կ’ըսեն, թէ իրենք հայ են եւ կ’ուզեն հայ մնալ, կ’ուզեն պահպանել իրենց հայ ըլլալու մարդկային արժանապատուութիւնը: Ոչ ոք եւ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի մերժելու եւ չյարգելու մարդոց արժանապատուութիւնը: Արդեօ՞ք Արք. Աթէշեան՝ Մկրտութեան եկամուտներով դարձած է կալուածատէր՝ Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ… բայց այս քրոնիկին մէջ՝ չենք ուզեր բանալ մեր միլիոնատէր, արծաթասէր ոչ հոգեւորական եկեղեցականներուն հաստափոր թղթածրարը…:
Պատմական փաստ է, թէ ոչ մէկ պետութիւն կամ ժողովուրդ գոյատեւած է՝ օտարանալով իր ազգային արմատներէն: Համշէնահայերը կ’ուզեն վերադառնալ ու առաւել հարազատանալ իրենց ազգային արմատներու հետ: Բոլորս պարտաւոր ենք ընդառաջելու անոնց ազնուական ու նուիրական փափաքին: