Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Շուշիի Մէջ Քանդակագործութեան Միջազգային Կոչունք Պիտի Իրականացուի

Շուշիի մէջ Օգոստոս 10-ին պիտի մեկնարկուի «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային կոչունքը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը` աւելցնելով, որ արդէն աւանդական դարձած Շուշիի մէջ իրականացուող քանդակագործութեան կոչունքը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային ու մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման հարթակ է արուեստագէտներու համար:

Կոչունքի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 10 –ին` Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի պուրակին մէջ: Քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային կոչունքին պիտի մասնակցին տասնեակ քանդակագործներ` ԱՄՆ-էն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն, ՌԴ-էն, Հայաստանէն ու Արցախէն:

«Քանդակագործութեան սիմպոզիումն առիթ է գեղեցիկ արուեստի շուրջ համախմբելու մեր հին ու նոր բարեկամներին, ստեղծելու արուեստի գործեր, որոնք Շուշիի մշակութային նոր կերպարի մաս կը կազմեն եւ կը յիշեցնեն գեղեցիկի ու հոգեւորի յաւէրժութեան մասին»,- ըսած է Լ. Գասպարեանը, նշելով, որ կոչունքի կազմակերպիչներն են ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը եւ «Ապագայ սերունդների հիմնադրամ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին