Կիրակի, 14. 09. 2025

spot_img

Ֆրանչիսկեան Հայր Ֆրանսեսկօ Փաթոյի Առաջին Այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Օգոստոս 3-ի առաւօտեան, Սուրբ Երկիրի նորընտիր քիւսթոտ՝ հայր Ֆրանսեսկօ Փաթօ, իր առաջին այցելութիւնը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ պատրիարք հօր հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն։

Հանդիպման ընթացքին պատրիարքը շնորհաւորելով նորընտիր քիւսթոտը՝ անդրադարձաւ Հայոց պատրիարքարանի եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան լաւ յարաբերութիւններուն: Հայր Փաթօ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար վստահեցուց, որ բարի դրացիական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան Քրիստոսի լուսաբուխ գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներուն եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին