Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

«Հայկական Ամենայայտնի Հացը Լաւաշն է». Թրքական Թերթ

Թրքական «Sozcu» թերթը անդրադարձած է հայկական խոհանոցի առանձայատկութիւններուն: «Հայկական խոհանոց ըսելով` առաջին հերթին «բնականութիւն եւ բազմազանութիւն» բառերը կու գան մարդուն միտքը», նշուած է յօդուածին մէջ, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Հայկական խոհանոց բազմադարեայ աւանդոյթներուն վերաբերեալ դիտարկման մէջ հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Երեւանի կարմիր բլուրի տարածքին վրայ հնագէտները պեղումներու իբրեւ արդիւնք գտած են խաղողի, կտաւատի, ոսպի, ոլոռնի, սալորի, քունճիթի, գարիի եւ ցորենի հետքեր:

Միեւնոյն ժամանակ թերթը նշած է, թէ հայկական խոհանոցը ժամանակի ընթացքին կրած է ռուսական, թրքական ու ազրպէյճանական խոհանոցներուն ազդեցութիւնը:

«Պէտք է ըսել, որ հայկական խոհանոցին մէջ հացամթերքը ունի շատ կարեւոր տեղ: Յատկապէս գիւղերու մէջ, կաւէ պատրաստուած թոնիրի մէջ, հայերը կը թխեն շատ համեղ հաց: Հայկական ամենայայտնի հացը լաւաշն է», գրած է «Sozcu»-ն:

Կը նշուի, որ հայկական ուտեստներու անուանումներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ թրքական ծագում ունեցող բառերու, ինչպէս օրինակ պաստրմա, պէօրէկ, քատաիֆ: Սեւանի մասին յիշատակումով՝ յօդուածի հեղինակը նկատած է նաեւ հայկական խոհանոցին մէջ ծովամթերքի առկայութեան մասին` մասնաւորաբար շեշտելով կարմրախայտով պատրաստուած համեղ ուտեստներու մասին:

Թրքական թերթը հայկական խոհանոցի մասին ճանաչողական իր յօդուածին մէջ չի շրջանցեր մսամթերքի ու համեմունքներու առումով հայերու նախընտրութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին