2-5 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու ուսումնական տարուան պատրաստութեան ծրագրին համաձայն, բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամիաւորումներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած են հրամանատարական հաւաքներ` բանակի միաւորումներու եւ զօրամասերու հրետանիի եւ հրամանատարութեան պետերու մասնակցութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, հաւաքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն տրուած է դաշտային պայմաններու մէջ իրականացող փորձերուն: