Պոլսոյ օդակայան ժամանելէ յետոյ՝ ոստիկանները խլած են պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը: Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ «Diken» պարբերականի սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատ ըսած է, որ առանց իրեն պարզաբանում տալու, օդակայանին մէջ ոստիկանները խլած են անձնագիրը` ըսելով, թէ մօտակայ օրերուն պիտի տեղեկացուի պատճառին մասին:
Հայկօ Պաղտատ շեշտած է, որ մօտ օրերս իր անձնագիրին հարցով խորհրդարանին մէջ պարզաբանում պիտի պահանջեն հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլանը եւ Սելինա Տողանը:
Նշենք, որ օրեր առաջ թուրք օգտատէրերէն մէկը գրած էր, թէ Հայկօ Պաղտատին կը կասկածին Ֆեթուլլա Կիւլենի հետ կապեր ունենալու մէջ, սակայն Հայկօ Պաղտատը այդ պնդումը համարած է ծիծաղելի` ըսելով, թէ իր նման ձախակողմեան հայեացքներ ունեցողը ինչ գործ ունի Կիւլենի հետ:






