Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ռումանահայութիւնը Կը Շարունակէ Ծաղկիլ Ու Բարգաւաճիլ Իր 1000-ամեայ Գաղթօճախին Մէջ…

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ խորհրդարանի փոքրամասնութեանց խմբակցութեան ղեկավար Վարուժան Փամպուքճեան, «Նոր Կեանք» եւ «Արարատ» թերթերու երկարամեայ՝ այժմ 92 տարեկան միշտ աշխոյժ խմբագրապետ Պերճ Մարգարեան, ծագումով մուսուլցի հոգեւոր Առաջնորդ Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան, Ռումանահայոց Միութիւն՝ շարունակութիւնը 20-րդ դարու սկիզբը հիմնադրուած, հազարաւոր հայ որբեր պատսպարած, կրթած ու ղեկավար եւ պաշտօններու հասցուցած՝ «Մոսնիօնէ Արմենիլր Տին Ռօմանիա»-ի արժանի ժառանգ: 1000-ամեայ հսկայական եւ անգին կալուածներ, վանքեր ու եկեղեցիներ, Սուչավայի Հաճկատար հրաշագործ վանք, Արմէնոպոլիս բերդաքաղաք, Սթրատա Արմեանասքա հայկական փողոցներ ամէնուրեք, լայնատարած Ռումանիոյ եւ պատմական Մոլտովայի, Թրանսիլվանիոյ մէջ՝ տարածուելով մինչեւ Լեհաստան եւ Հունգարիա ու Պուլկարիա:

«Նոր Կեանք»ի 92-ամեայ Խմբագիր՝ Պերճ Մարգարեանի հետ
«Նոր Կեանք»ի 92-ամեայ Խմբագիր՝ Պերճ Մարգարեանի հետ

Չաուչեսքուի անկումէն ետք, հայապատկան բոլոր կալուածները վերադարձուեցան հայութեան, որուն բնակչութեան զգալի մասը, «ԱՆՉԱ»-ի եւ Ճորճ Մարտիկեանի ազգադաւ  գործունէութեան պատճառով, տարտղնուած էին աշխարհի չորս ծագերը:

Պրն. Վարուժան Ոսկանեան
Պրն. Վարուժան Ոսկանեան

-«Այսօր, որպէս Եւրոպական Միութեան մաս կազմող երկիր ու Ռումանահայոց Միութիւն, պատկառելի օգնութիւն կը ստանանք Ռումանիոյ կառավարութենէն: Երեւի Սփիւռքի միակ ազգային կառոյցն ենք, որ իր մամուլի տպագրութեան, նոյնիսկ դպրոց բանալու եւ մասնագէտ ուսուցիչներ պահելու համար, կառավարութիւնը կը ֆինանսաւորէ Ռումանահայ Միութիւնը», կը յայտնէ բազմիցս նախարար եւ Ծերակուտական (սենաթօր) Վարուժան Ոսկանեան քաղաքական գործիչը, գրողն ու մտաւորականը:

Այս փայլուն գործիչներու եւ մտաւորականներու շարքին կ’աւելցնենք՝ Ռումանիոյ հայոց հոգեւոր Առաջնորդ Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեանի անունը, որ հեռաւոր Մուսուլ ծնած, Զախօ եւ Տհուք ապրած, փայլուն տիրապետելով քրտերէնի, արաբերէնի եւ ռումաներէնի, փաստօրէն ռումանական օրէնքով կը վայելէ փոխ-արտաքին գործոց նախարարի դիրքերէն մէկը, որպէս հինաւուրց՝ 1000-ամեայ գաղթօճախի հոգեւոր հայր: Իր դիւանագիտական մեծ փորձը՝ որպէս «Ազգ» թերթի երբեմնի քաղաքական լրագրողի փայլուն վաստակով, Ռումանիոյ հայոց տրամադրած է ազնիւ Հ.Հ. դեսպան Համլէթ Գասպարեան: Ան մտահոգ է սակայն, որ Վարուժան Ոսկանեանի եւ Վարուժան Փամպուքճեանի մակարդակով քաղաքական թէ խորհրդարանական ղեկավարներ ծնած ռումանահայ գաղութը, անկարող ըլլայ յետագայ տասնամեակին պատրաստել հայորդիներ՝ ձուլման եւ օտարացման հոսանքին դէմ, հակառակ որ իրաւունքներու ո՛չ մէկ հալածանք կամ սահմանափակում գոյութիւն ունի հայոց հանդէպ, այս հիւրընկալ եւ բազմազգ լայնատարած երկիրին մէջ, ուր հայերը բազմադարեան մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն կերտած են:

Պուքրէշի Սրբ. Հրեշտակապետաց Հայոց Եկեղեցին
Պուքրէշի Սրբ. Հրեշտակապետաց Հայոց Եկեղեցին

-«Հայ ըլլալը Ռումանիոյ մէջ պատիւ է», ժպտալով կ’ըսէ Ծերակուտական եւ տնտեսութեան ճարտարարուեստի բազմիցս նախարար Վարուժան Ոսկանեան: Այո՛, Պուքրէշի կեդրոնական Արմեանասքա փողոցին վրայ, վեր կը բարձրանայ Հրեշտակապետաց Սուրբ եկեղեցին, նմանակը Սուրբ Էջմիածինի Տաճարին, որուն սրբատաշ պատին վրայ կը կարդանք երջանկայիշատակ ու Մեծն Վազգէն Վեհափառի արձանագրութիւնը, որպէս այս փառաւո՜ր գաղութին արժանաւոր զաւակը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին