Երեքշաբթի, 22. 07. 2025

spot_img

«Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժման 2-րդ Հաւաքը

Կիրակի, 31 Յուլիս 2016-ին ,  տեղի ունեցաւ «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժման  2-րդ հաւաքը, այս անգամ, պտոյտ մը կատարելով Երեւանի Աշտարակի շրջանի հանգստավայրերէն մէկը: Պտոյտ-հաւաքը կազմակերպուած էր «Միրաք»ի վարչական կազմի ջանքերով:

Հանդիպումը անցաւ շատ հաճելի եւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ: Պտոյտը առիթ ընձեռեց, որ պատանի-ուսանողները ընկերային միջավայրի մէջ խորացնեն իրենց մտերմութիւնը, մասնակցելով խմբային խաղերու եւ զրոյցներու:

Պտոյտին բացի «Միրաք»էն եւ անոր վարչական կազմէն, հիւրաբար ներկայ եղած էին նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար երէց անդամներ՝ ընկ. Հայկ Լէփէճեան, ընկ. Լեւոն Պըլըխեան, ընկ. Տիգրան Չալեան, ընկ. Ճորճ Տէմիրճեան, ընկ. Գարեգին Աստուրեան, ընկհ. Սիլվա Պըլըխեան եւ ընկ. Ժիրայր Պէրպէրեան:

Պտոյտի մթնոլորտէն խանդավառուած ընկերներ՝ Հայկ Լէփէճեանն ու Գարեգին Աստուրեանը կատարեցին սրտափուխ նուիրատուութիւններ:

13866531_1250035691681804_1986639974_n

13883885_1250035581681815_1932388784_n

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին