ՀԲԸՄի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղէն աւելի քան 50 սկաուտներ եւ պատասխանատուներ Շաբաթ, Յուլիս 23-ին վերադարձան Հայաստան իրենց կատարած ուխտագնացութիւն-բանակումէն։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Անդրանիկ» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցած բանակումին կողքին, ուխտագնացութեան մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցած են այցելելու Ս. Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ, տեսարժան այլ վայրերու կողքին։