*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ *
Ի տես Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներուն յայտարարութիւններուն, Միջին Արեւելքի արիւնահեղութեան, Եւրոպայի անկայունութեան, Ափրիկէի անօթութեան, նաեւ մեր ազգային կարգ մը հաստատութիւններու եւ անոնց պատասխանատուներուն անյոյս վիճակին, երբ գրասեղանիս ետեւ այս պարագաներուն մասին հաւաքաբար եւ անջատաբար նստած կը մտածէի, հետեւեալ պատմութիւնը միտքս եկաւ սիրելի ընթերցող, որ կ’ուզեմ քեզի հետ բաժնել.
Օր մը փիղը անտառէն կը փախչի… երբ կը հարցնեն իրեն, թէ ինչո՞ւ փախաւ, ան կ’ըսէ. «Որովհետեւ առիւծը որոշում առաւ անտառի բոլոր ընձուղտները սպաննել»: «Բայց դուն փիղ ես եւ ոչ թէ ընձուղտ», -կ’ըսեն իրեն: «Այդ մէկը գիտեմ», -կ’ըսէ փիղը, «սակայն առիւծը իշուն պատասխանատու կարգեց այս հարցը հետապնդելու…», -կ’եզրափակէ ան:
Այս պատմութեան բարոյական դասը, սիրելի ընթերցող, այն է, թէ երբ «էշերը» յանկարծ պատասխանատու դառնան… փախէ՛ք…:
Կը մնայ ո՞ւր փախչիլ սիրելիս…:
ՅԳ. Ներողութիւն կը խնդրեմ անասուն էշերէն, որոնց խոնարհութեան ու համբերութեան հանդէպ համակրանք ալ ունիմ: Միտքս իրենց վարկաբեկելը չէ: Գրութեանս պատգամը մարդակերպ «էշերուն» կը վերաբերի, որոնց ամբողջ հոգուով կ’արհամարհեմ: