Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

ԼՂՀ Նախագահը Հատրութի Մէջ Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 2-ին այցելած է Հատրութի շրջան: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Տող գիւղի մօտակայքը՝ երկրի ղեկավարը խորհրդակցութիւն հրաւիրած է Հատրութի շրջվարչակազմի եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ` նուիրուած 2016 թուականի հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ընթացքին:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ այս տարի շրջանին մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու համախառն բերքի ծաւալը կը գերազանցէ վերջին 8 տարուան ցուցանիշները:

Նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ առկայ են բաւարար պայմաններ հետեւողականօրէն բարձրացնելու ե՛ւ համախառն բերքի, ե՛ւ բերքատուութեան ցուցանիշները:

Նոյն օրը նախագահը այցելած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայրենիք» երիտասարդական ճամբար, հանդիպած երիտասարդներու հետ եւ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած տարբեր թեմաներու շուրջ: Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման ճամբարներու նշանակութիւնը երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենիքը ճանչնալու տեսանկիւններէն:

Նախագահին ուղեկցած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին