Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Մարսէյլի Մէջ Ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Վաւերագիրներ

21 Յուլիսին Մարսէյլի A.R.A.M (Association pour la Recherche et l՛Archivage de la Memoire armenienne – Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւն, նախագահ՝ Ժաք Ուլուսեան) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Փաթրիք Քաները, Փրովանս-Ալփ-Քոթ Տ՛Ազիւր շրջանի նահանգապետ Ստեփան Մայոն, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հենրի Ժիպրայէլը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ֆրանսացիներ, լրագրողներ: Այս մասին կը հաղորդեն Մարսէյլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն:

A.R.A.M կազմակերպութեան հիմնադիր Կարպիս Արթինի դուստր՝ Աստրիդ Արթին Լուսիկեանը, ներկաներուն մանրամասն կերպով ներկայացուց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, արխիւին մէջ պահուող Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Մարսէյլ ապաստանած հայերուն կողմէ ստեղծուած հայկական առաջին կազմակերպութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր փաստաթուղթեր, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան տարաբնոյթ փաստաթուղթեր, Ցեղասպանութենէն փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թիւով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, գաղթականի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանին կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ֆրանսահայերուն մասնակցութեան եւ մինչեւ մեր ժամանակները ընդգրկող բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:

Իր խօսքին մէջ նախարար Փաթրիք Քաներ կարեւոր նկատած է նման միջոցառումներու կազմակերպումը ու բարձր գնահատած A.R.A.M կազմակերպութեան գոյութեան նշանակութիւնը եւ կատարած աշխատանքը՝ անգամ մը եւս նշելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքը՝ վստահեցնելով, որ անիկա Հոկտեմբերին պիտի հաստատուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ:

Հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ նահանգապետին՝ A.R.A.M կազմակերպութեան ցուցաբերած հետաքրքրութեան, աջակցութեան եւ տրուած այցելութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին