Ժընեւի մերձակայ Պիւպլանժ քաղաքին մէջ Յուլիս 30-ին տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն, որուն ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի ազգային կամերային նուագախումբը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղած է դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ ընդգծած է հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին համար 25 տարի առաջ անկախ պետականութեան վերականգնման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձած է հայկական երաժշտական արուեստի աւանդոյթներուն:
Համերգի ընթացքին՝ նուագախումբի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեանի կատարումով հնչած են հայ եւ միջազգային դասական երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: