Ամերիկահայ յայտնի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժապատկերին առաջին ծանուցումը արդէն իսկ պատրաստուած է եւ զայն կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=mDxzXszAfJE կայքէջին վրայ:
Ֆիլմը Սեպտեմբեր 9-ին պիտի սկսի ցուցադրուելու։
Ֆիլմի բեմադրիչն է յայտնի դերասան Մեկ Ռայըն, իսկ անոր արտադրողներէն մէկն է Թոմ Հենքս, որ ֆիլմին մէջ նաեւ դեր մը ստանձնած է՝ Ռայընի կողքին: Ֆիլմին մէջ դերեր ստանձնած են Սեմ Շեփըրտ, Հեմիշ Լիքլեթըր, Ալեքս Նէօթետըր եւ Ճեք Քուէյտ, որ Մեկ Ռայընի զաւակն է:
«Իթաքա»ն բեմադրութեան առաջին փորձն է 54-ամեայ Մեկ Ռայընի համար։
Սարոյեանի վէպը հրատարակուած է 1943-ին: Վէպին գործողութիւնները տեղի կ’ունենան Քալիֆորնիոյ մէկ քաղաքին մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Ֆիլմի երեւակայական քաղաքի՝ Իթաքայի գաղափարը հիմնուած է Սարոյեանի ծննդավայր Ֆրեզնոյի վրայ:
Նշենք, որ 1943-ին, շարժապատկերի «Էմ.Ճի.Էմ.» ընկերութիւնը Սարոյեանէն գնած էր սոյն վէպը պաստառ բարձրացնելու իրաւունքը եւ նկարահանած էր համանուն ֆիլմ մը, որուն մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած էին Միքի Ռունի եւ Ֆրենք Մորկըն: Ֆիլմը թեկնածու դարձած էր հինգ «Օսքար»ներու, իսկ Սարոյեան արժանացած էր «Օսքար»ի, լաւագոյն պատմութեան բաժանմունքին մէջ: